4 ամիս առաջ, Ջերմուկի դիրքերէն գերի տարուած Գագիկ Ոսկանեան Ատրպէյճանի մէջ դատապարտուեցաւ 18 տարուան բանտարկութեան:
Դատաքննութիւնը կայծակնային էր, տեղի ունեցան ընդամէնը երկու նիստեր: Առաջինին ընթացքին գործին մէջ ներգրաւուած անձեր ներկայացուցին «փաստեր», իսկ երկրորդին մեղադրական եզրակացութիւնը հրապարակելէն քանի մը ժամ ետք դատարանը հրապարակեց վճիռը:
Պաքու 40ամեայ երեւանցի տղամարդուն կը վերագրէ շարք մը ծանր յանցանքներ՝ ահաբեկչութենէն մինչեւ ապօրինի սահմանահատում: Գերի տարուած պահեստազօրայինը, որ Ջերմուկի մէջ վարժողական հաւաքներու կը մասնակցէր, յօդուածներէն որեւէ մէկով ինքզինք մեղաւոր չնկատեց։
Քանի մը ժամ տեւած քննութեան ընթացքին, Գագիկ Ոսկանեան ապակիներով առանձնացուած խուցին մէջ էր, իսկ փաստաբանը՝ դահլիճին։ Ըստ Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն՝ «Ոսկանեան յայտարարած է, որ Օգոստոսին կատարուածը չի յիշեր»։
Անոր մայրը քանի մը օր առաջ «Ազատութեան» պատմեց, որ միայն ութ օրէն տղան հաւաքներէն արդէն տուն պիտի վերադառնար։
Ատրպէյճանական կողմը Ոսկանեանը կը ներկայացնէ` իբրեւ ներթափանցող։ 16 Օգոստոսին յայտարարեցին, թէ Քելբաջարի ուղղութեամբ «հետախուզական ներթափանցման փորձ կատարուած է»` հրազէն կիրարկելով իրենք կրցած են` կասեցնելու համար զայն եւ ձերբակալած ենՈսկանեանը:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը բացարձակ սուտ որակեց այս պնդումը:
Աւելի կանուխ, երբ ատրպէյճանական կողմէ այս միջադէպին վերաբերեալ տակաւին ոչինչ հաղորդած էր, պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր, թէ, ըստ նախնական տուեալներու, Ոսկանեան ինքնակամ հեռացած է մարտական դիրքէն:
Ըստ «Ազատութեան»՝ յայտարարուեցաւ հետաքննութիւն, սակայն արդիւնքին մասին ոչինչ հրապարակուեցաւ։