«Սփութնիք Արմենիա»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու փոխնախարար Քրիստինէ Ղալեչեան ըսաւ, որ Հայաստան եւ Իրան պիտի աշխատին Արաքս գետին վրայ նոր կամուրջի մը կառուցման նախագիծին վրայ։ Ըստ անոր՝ ներկայիս մասնագէտները գիտարուեստական եւ տնտեսական ուսումնասիրութիւն կը կատարեն կամուրջի հետագայ նախագծման համար։
«Մենք պէտք է ճշդենք կամրջի կառուցման տեխնիկական (գիտարուեստական) ցուցանիշները: Ընդ որում, հաշուի կ՛առնուեն գործող կամրջի պարամետրերը (յարաչափերը), մասնաւորապէս` դրա թողունակութիւնը», նշեց ան։
Չի բացառուիր, որ նոր կամուրջը արդէն իսկ գործող կամուրջին զուգահեռ կառուցի։ Նոյն ատեն փոխնախարարը կոչ ուղղեց՝ չշտապելու եւ սպասելու թեքնիք ու տնտեսական ուսումնասիրութեան աւարտին, որ պիտի օգնէ որոշելու նոր կառոյցի երկայնքը, լայնքը, թողունակութիւնը եւ այլ տուեալները։
Գալով «Հիւսիս-Հարաւ» ինքնաշարժներու ճամբու ամէնէն հարաւային հատուածի կառուցման՝ Իրանի սահմանակից Ագարակէն մինչեւ Քաջարան քաղաքը (32 քիլոմեթր), Ղալեչեան նշեց, որ, ամենայն հաւանականութեամբ, աշխատանքներու գործնական փուլը պիտի սկսի Փետրուար 2024ին։