Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր, անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի բանբեր Ճէյմզ Օ՛Պրայընի Պաքու տուած այցելութեան՝ ըսաւ, որ եթէ Ուաշինկթըն պարզապէս դադրեցնէ Ատրպէյճանի հետ իր դիւանագիտական բոլոր յարաբերութիւնները, այդ պիտի հակասէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ ապահովութեան շահերուն:
Շեշտելով, որ Ուաշինկթըն երբեք չէ յայտարարած Ատրպէյճանի հետ համագործակցութիւնը դադրեցնելու մասին՝ Միլըր ընդգծեց, թէ այս մէկը պիտի հակասէր Միացեալ Նահանգներու շահերուն։