Պրիւքսէլի «Պօղոսեան Հիմնադրամ» մշակութային կեդրոններէն մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի պատմութիւնը ներկայացնող «Հայաստան. սրբազանի ժամանակը» խորագիրը կրող ցուցահանդէսի բացումը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 10 Մարտ 2024:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են նաեւ նմուշներ Ֆրանսայի հայկական թանգարանէն, ինչպէս` մանրանկարներ, ձեռագիրներ եւ հանրութեան բնաւ չցուցադրուած պատարագի թանկարժէք իրեր, որոնք տեղադրուած էին ժամանակակից արուեստագէտներ` Սարգիսի, Մխիթար Կարապետեանի, Անթուան Ագուճեանի, Ժան Պօղոսեանի, Այտա Ղազարեանի եւ Փասկալ Կոնվերտի գործերուն կողքին:
Հիմնադրամի տնօրէն Լաումա Սալամէ յայտնեց, որ այս ցուցահանդէսին կազմակերպումը շատ կարեւոր եւ խորհրդանշական է, որովհետեւ անիկա կը ներկայացնէ թէ՛ կանգուն եւ թէ արդէն անհետացած կամ անհետացման սեմին գտնուող մշակութային կոթողները: Ան աւելցուց, որ Հայաստանի պատմութիւնը անմիջականօրէն կապ ունի նաեւ քրիստոնէութեան պատմութեան հետ:
Պելճիքայի արտաքին գործերու նախարար Հաճա Լահպիպ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ առիթը ունեցած է սուզուելու հայկական մշակոյթի խորքը եւ նորարարական արհեստագիտութեան շնորհիւ տեսնել մշակութային այնպիսի կոթողներ, որոնք այսօր վերացման սեմին են: Ան ըսաւ, որ այս ցուցահանդէսը թէ՛ ոգեշնչող է, թէ՛ տխուր` նկատի ունենալով հոն տիրող իրավիճակը: Ան շեշտեց, որ պէտք է պահպանենք այս բոլորը եւ աշխատինք յանուն խաղաղութեան եւ մշակոյթի պահպանման:
Պելճիքացի հայագէտ Պերնարտ Քուլի նկատել տուաւ, որ այս նախաձեռնութիւնը, ըստ էութեան, ոչ թէ Հայաստանի ամբողջ պատմութեան կամ հայկական ամբողջ մշակոյթին վերաբերող ցուցահանդէսի պատրաստութիւն է, այլ փորձ մըն է` ցոյց տալու հայկական մշակոյթի եւ մտածելակերպի կեդրոնական կէտը, որ ժամանակի հետ կապն է: Խօսքը ժողովուրդի մը պատմութեան մասին է, որ միշտ ունեցած է դժուարութիւններ, որոնց դիմաց պայքարած է գոյատեւելու համար, եւ ցուցահանդէսին ընդմէջէն կ՛արտացոլայ, թէ ինչպէ՛ս ան այս պայքարը գրի առած է ճարտարապետութեան, եկեղեցիներու, խաչքարերու եւ գիրի միջոցով: