Իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ը 5 Դեկտեմբերին մերժեց Ազգային Ժողովի նիստի օրակարգ ընդունիլ «Հայաքուէ» նախաձեռնութեան նախագիծը։ 58 հազար քաղաքացիներու ստորագրութեամբ խորհրդարան հասած օրինագիծը կ՛առաջարկէր քրէականացնել Հայաստանի անունով Լեռնային Ղարաբաղը որեւէ այլ պետութեան կազմին մէջ ճանչնալը։
Արցախի նիւթը դարձեալ փոխադարձ մեղադրանքներու առարկայ դարձաւ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ։ Ընդդիմութիւնը պնդեց, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ իր ղեկավարած ուժը չեն կատարեր իրենց նախընտրական խոստումը, այլ կ՛ընեն բոլորովին հակառակը՝ Արցախը ճանչնալով Ատրպէյճանի կազմին մէջ։ Փաշինեանի ղեկավարած «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ը 2021ի նախընտրական իր ծրագիրին մէջ կը խօսէր արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքին մասին։
Հայաստանի անունով Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալը քրէականացնելու հարցը օր մը առաջ քննարկուեցաւ նաեւ խորհրդարանի Պետական իրաւական յանձնաժողովին մէջ եւ ստացաւ իշխանութեան բացասական եզրակացութիւնը։