Ատրպէյճանի ուժանիւթի նախարար Փարվիզ Շահպազով «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է, որ Ատրպէյճանն եւ Եւրոպական Միութիւնը պայմանաւորուած են թարմացնել ռազմավարական ուժանիւթի համագործակցութեան ճամբու քարտէսը:
«Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ արդիւնաւէտ քննարկումներ ունեցանք Եւրոպական Միութեան ուժանիւթի հարցերու յանձնակատար Քատրի Սիմսոնի հետ: Անդրադարձանք Հարաւային կազի միջանցքին, կանաչ ուժանիւթի միջանցքին եւ մեր ուժանիւթի երկխօսութեան այլ առաջնահերթութիւններուն», գրած է ան:
Ըստ Շահպազովի՝ կողմերը պայմանաւորուեցան թարմացնել Ատրպէյճան-Եւրոպական Միութիւն ռազմավարական ուժանիւթի գործընկերութեան մասին փաստաթուղթի իրականացման ճամբու քարտէսը: