ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
ԲԱՌԻ ՄԸ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄԸ

Այսօր, երբ բազմաթիւ հայ այրեր բանտարկուած կը մնան օտար բանտերու մէջ եւ երբ հայու երեւակայելու եւ ստեղծագործելու սահմաններն ալ ազատազրկուած են՝ անկասկա՛ծ ժամանակաւորապէս եւ ո՛չ ցմահ, որոշեցի գրել «բանտ» բառին պատմութիւնը ու դատել, թէ ի՛նչ միտքեր արգելափակուեր են անոր մթին էջերուն մէջ: Ուստի, յարգելի ընթերցող, մենք այսօր բարեխղճութեամբ, ասպետի մը ազնուութեամբ, ժամանակ կոչուած բանտապետի գօտիէն եկէք քաշենք բանալիներու ծանր փունջը, մօտենանք հայկական գրականութեան դարաւոր եւ ժանգոտած դարպասին եւ ազատագրենք ընտիր տողերու խմբակ մը, անտես եւ անշշուկ, անոնց շնորհելով աշխարհի լոյսը:
ՀԱՆ Ի ԲԱՆՏԷ ԶԱՆՁՆ ԻՄ
Ո՞վ էր առաջին հայ բանտարկեալը: Ի՞նչ յանցանք գործեց ան: Ո՞վ արձակեց զինք բանտելու վճիռը: Չե՛նք գիտեր: Բայց, ճշգրտօրէն արձանագրուած է «բանտ» բառի պատմութիւնը, ինչպէս բանտարկեալի մը մանրակրկիտ օրատետրը: Լեզուաբան եւ բառարանագէտ այրեր հաստատած են, թէ «բանտ» բառը փոխառութիւն մըն է, ունի իրանական արմատ՝ bent, bend, որ բուն կը նշանակէ «կապանք, շղթայ, կապ»: Բառս 94 անգամ յայտնուած է Աստուածաշունչին մէջ, «բանտապահ» բառը՝ վեց անգամ, «բանտարգել» բայը՝ մէկ: Իսկ ՃԽԱ (թիւ 141) Սաղմոսի մէջ Դաւիթը աղաչեց. «Տէր, հան ի բանտէ զանձն իմ»:
ԲԱՆՏԱԿԵԱՑ ԲԱՌԵՐ
Հայկական հնագոյն մատենագրութեան մէջ «բանտ» բառի «մեղսակիցները» – «բանտ» բառով կազմուած բարդ բառերը նկատի ունիմ – բազմաթիւ անգամներ յայտնուեցան պատկերաւոր արտայայտութիւններու մէջ: Ահա 5-8րդ դարէն ի վեր հայկական բառարաններու աննշոյլ էջերուն ծառայող քանի մը բառ եւ արտայայտութիւն. ԲԱՆՏԱԿԱԼ. «Միթէ բանտակալ կապանաց նա ոք իցէ արձակիչ», ԲԱՆՏԱԿԱՆ. «Բազում բանդականաց թողութիւն արարեալ», ԲԱՆՏԱՊԱՆ. «Որ Քրիստոսի բանտապահքն էին, ոչ պատժեցան», ԲԱՆՏԱՊԵՏ. «Պատուիրեցին բանտապետին զգուշութեամբ պահել զնոսա», ԲԱՆՏԱՐԳԵԼ. «Խաւարամուտ իբրեւ զբանտարգել», ԲԱՆՏԱՐԳԵԼՈՒԹԻՒՆ. «Բանտարգելութիւնն բազմօրեայ ՛ի խոր վիրապին»: Մեր գրաբարախօս նախնիները ունեցան նաեւ «բանտարկուած» արտայայտութիւններ, ինչպէս՝ «Դնել ի բանտի», «Արկանել ի բանտ», «Խուսել ի բանտէ», «Ելանել ի բանտէ»: Իսկ այսօր, յանցաւորը՝ «Բանտ կ՛իյնայ», «Բանտ կը դրուի» կամ «Բանտ կը մտնէ»: Յիշենք նաեւ բանտարկութեան երկու ահռելի ձեւերը. «Մշտնջենական բանտարկութիւն» եւ «Ցմահ բանտարկութիւն»:
ԳՐԱԿԱՆ ԲԱՆՏԵՐ
Ե. դարուն, Մովսէս Խորենացին ողբաց Հայոց աշխարհը եւ բացատրեց, թէ ինչո՛ւ էր մեր հայրենիքը խեղճ: Պատմահայրը թուեց բազմաթիւ պատճառներ, որոնցմէ մէկն էր՝ «Կապումն գլխաւորաց եւ բանտք յայտնեաց», այսինքն՝ գլխաւոր մարդիկ կը կապուին, յայտնի անձերը կը բանտարկուին: 10րդ դարուն, Գրիգոր Նարեկացին «Մատեան Ողբերգութեան» երկին մէջ մեր մայրենիին շնորհեց իւրայատուկ խօսքեր. «Տարտարոսն ներքին արգելականացն բանտի», «Աննշոյլ բանտ» եւ «Բանտն բարկութեան»: Ապա, սուրբը խօսք ուղղեց Տիրոջ եւ աղաչեց. «Հա՛ն զիս ի բանտէս, արձակեա՛ ի կապանցաս»:
«ՆՆՋԻ՛Ր, ՄԱՆԿԻԿ»
1600ներու վերջին տարիներն էին. օր մը, Երէմիա Չէլէպի Քէօմիւրճեան կատարեց շատ ծանր գործ մը. ան գրի առաւ վաղամեռիկ աղջնակի մը յիշատակը յաւերժացնող բանաստեղծութիւն. հողն էր անոր բանտը. «Վճիռն անդարձ է Աստուածութեան. / Մատաղ մանուկ հասակին, / Զգետնով ի հող զիս զնտանեցին… / Հողոյն քօղով ի խաւար բանտ արկին»: Իսկ Նար-Դոսի նոյնանման քերթուածին մէջ հողը ազատութիւն էր. «Ննջի՛ր, մանկիկ դու անբիծ, / Ննջի՛ր, անմեղ դու տատրակ. / Խաղաղութիւն է տիրում / Այդտեղ – փոքրիկ շիրմիդ մէջ. / Այդտեղ չկան բանտ, շղթայ»:
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼՆԵՐ
Բանտ բառը գործածելով՝ հայ գրողը արտայայտեց քաղաքական միտք, կամ նկարագրեց ազգիս դժբախտ վիճակը: Առաջինը Ռաֆֆին էր: «Սամուէլ» վէպին մէջ ան համոզուած ըսաւ. «Հռոմայեցո՞ց մօտ: Պարսկի բանտը ինձ համար աւելի տանելի է, քան թէ նրանց կեղծաւորութեամբ լի պալատները… Թո՜ղ Հայոց երկիրը ազատ լինի, այնուհետեւ իմ տանջանքները կը թեթեւանան այդ մթին բանտում»: Դանիէլ Վարուժան «Նեմեսիս» բանաստեղծութեան մէջ արտայայտեց կեցուածք. «Ամէն շղթայ կը բեկտի, / Եւ կը փլչի ամէն բանտ… / Պիտ՛ կործանենք ապարանքներ ու բանտեր»: Իսկ հէգ տղան օր մը գրեց «Հօրս Բանտին Մէջ» բանաստեղծութիւնը, եւ մենք կարեկից դարձանք անոր. «Մութ բանտիդ մէջ գարնան վարդերը ամբողջ / Պիտի լեցնել ուզէի»: Երուանդ Օտեան մեզի պատմեց Զօհրապի եւ Վարդգէսի՝ դէպի Տիգրանակերտ աքսորէն դրուագ մը. «Տիարպէքիրի բանտը արդէն ծանօթ է ինծի, աղէկ բանտ մը չէ, բայց աւելի գէշերը կան: Կը տեսնաք սա գորգը, Տիարպէքիրի բանտին մէջ իմ ընկերս եղած է, հիմակ ալ միասին կ՛երթանք կոր: Հին բանտակիցներ ենք»: Իսկ տիկին Զապէլ Եսայեանը, «Աւերակներուն Մէջ» գիրքի «Բանտարկեալները» հատուածին մէջ բացատրեց, թէ ի՛նչ պատահեցաւ ապրելու իրաւունքը պաշտպանած հայերուն. «Բոլոր անոնք, որ չուզեցին մեռնիլ, բոլոր անոնք, որ ուզեցին իրենց կիները եւ տղաքները պաշտպանել, կա՛մ բանտարկուած են, կա՛մ փախստակա՛ն»:
ՓՂՈՍԿՐԵԱՅ ԲԱՆՏԸ
Դուք, յարգելի ընթերցող, տեսա՞ծ էք անպատ, անպարիսպ, աներկաթ բանտ: Հայ գրագէտը տեսաւ բանտի այդպիսի այլեւայլ տեսակները եւ պատկերաւոր տողեր յօրինեց: Ահա աննիւթական բանտերու ընտիր ժողովածու մը. «Անբախտ հա՛յ. Հայրենիքդ՝ քեզ բանտ»՝ Ռաֆֆի, «Աշխարհքը բան Ջահիլ օրեր / Ի՜նչ եմ անում էս բանտում»՝ Յովհաննէս Թումանեան, «Շաբաթէ մը ի վեր բանտուած սենեակիս մէջ»՝ Տիգրան Չէօկիւրեան, «Փղոսկրէ աշտարակը, որը ես բանտ կը համարեմ»՝ Զապէլ Եսայեան, «Դարի ոճն էր այդ, դպրոցը բանտ էր»՝ Խաչատուր Աբովեան: Ըստ Յակոբ Պարոնեանի, Ազգային երեսփոխանական ժողովի կառավարիչ Ստեփան Ասլանեանի եօթը տարուան ատենապետութիւնն էր բանտ. «Եթէ այսօր օրակարգը աչքէ անցունելու ըլլանք՝ կը տեսնենք, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ բանտ մը, որուն մէջ եօթը տարիէ ի վեր կան բանտարկուած խնդիրներ, զորս հարցնող փնտռող չկայ»:
ԲԱՆՏ ՍԻՐՈՅ ՔՈ
Օր մը, պայծառ գարուն էր, ի՛նչ զարմանալի բան, սէրը դարձաւ բանտ: Սիրելիի աչքերն էին դարպասը անոր, եւ թեւերն էին երկաթեայ ճիւղերը: Քնարերգակ բանաստեղծը յօժար էր հոն ցմահ բանտարկութեան: Այդ բանտի առաջին զոհերէն էր Ռուբէն Սեւակը, որ դժգոհելով ըսաւ. «Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ զիս սիրեցիր, / Փոքրիկ աղջիկ, քեզի մե՜ղք էր. / Փոքրիկ ծոցիդ թիթե՜ռ պէտք էր. / Դուն ծեր արծի՛ւ մի բանտեցիր»: Վարդան Յակոբեանը խոստացաւ յաւերժ ներող մնալ. «Բանտում ես ինձ, / ինձ հետ էլ՝ քեզ,- / ուզած-չուզած՝ / ես ներում եմ»: Եղիշէ Չարենցի համար ցնծութիւն էր բանտարկութիւնը. «Դու վառ ծիծաղի մի հնչիւն — / Դէպի իմ տխրութիւնը նետած, — / Ինչքան ինձ քո բանտում փակես — / Հոգիս սիրելու է քեզ այնքան»: Սրբուհի Տիւսաբի գրիչը «Սիրանոյշ» վէպին մէջ արտադրեց ջերմ, կրքոտ բանտեր. «Ինքնայօժար բանտարկութիւն ծովեզերեայ տան մէջ», «Ես պիտի ունենամ միայն սեւ շղթաներ, բանտ մը եւ բանտապահ», «Դատապարտեցիր զիս բանտարկութեան, եւ ես երբեք չգանգատեցայ»: Էջմիածինի միաբան, Պոլսոյ նուիրակ, Նիկոմիդիոյ առաջնորդ, երգահան, բանաստեղծ Պետրոս Ղափանցին ալ բանտարկուած էր սիրոյ տենչանքի մէջ: Սակայն իր սիրոյ առարկան չէ՛ր գրկաբաց սիրուհի մը, այլ՝ մէկ ուրիշ գեղեցկուհի, քաղաքներու թագուհի՝ արքայանիստ Պոլիսը. «Բացի’ր, բացի’ր, իմ կարմիր վարդ աննման / Ի բանտ սիրոյ քոյ մատնեցայ գերենման»:
ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼԸ
Բանտը, դժուար է հաւատալ, թէ իմաստութեան աղբիւր ըլլար: Բանտի գաղափարը իրօք կեանքի եւ ճշմարտութեան ընտիր գաղափարներու ծնունդ տուած է: Ահա, Խրիմեան Հայրիկը, որ «Յիսուսի վերջին շաբաթ եւ խաչի ճառ» գրութեան մէջ կը փորձէ հասկնալ, թէ ինչո՛ւ մարդիկ Տիրոջ հանդէպ երկիւղ չունին, երբ աշխարհի իշխանութիւնը ոստիկանով եւ սուրով կը հրամայէ. «Երկայնամիտ (համբերող) եւ ազատ ես, ո՛չ ոստիկան ունիս, ո՛չ սուր, եւ ոչ՝ բանտ. քո ոստիկան մարդոյն սրտի խիղճն է. քո ազատ օրինագիրքը՝ Աւետարանն է. քո բանտ եւ շղթայն՝ եկեղեցւոյ գաւթին ազատավայրն է»: Մէկ այլ իմաստուն այր՝ Վարդան Յակոբեան, նախ պատմեց Գանձասարի քահանայի բանտարկման ոդիսականը? «Խորհրդային կարգերի հաստատումից յետոյ, Արցախում միանգամից վերացան բազմաթիւ գործող եկեղեցիներ: Գանձասարի քահանան 30ական թուականներին ձերբակալուեց, մէկ տարի Բաքուի բանտում մնալուց յետոյ ազատուեց միայն այն պայմանով, որ այլեւս չվերադառնայ Ղարաբաղ (Արցախ)»: Յակոբեանը ապա իմաստասիրեց ազատութեան մասին. «Պատուհաններ չկան, պատուհաններն իրենց միջից ստեղծում են բանտարկեալները… Ազատութիւնը զգացում է, կարող է մարդ բանտում ազատ լինել, իսկ ազատութեան մէջ՝ բանտում»:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆՏԻ ԲԱՐԲԱՌԸ
Բալամուտ? Տուլիկ? Բարիգ??? Եթէ, յարգելի ընթերցող, ծանօթ չէք այս բառերուն, ապա կը նշանակէ, որ դուք երեւելի կամ աներեւոյթ յանցանքի մը պատճառով չէք «հիւրընկալուած» Նուպարաշէնի (տիկիններու համար՝ Աբովեանի) բանտին մէջ: Այս բառերը կը պատկանին հայկական բանտային բառապաշարին: Այսօր, կ՛առաջարկեմ, որ լսենք քանի մը արտայայտութիւններ, որոնք յատուկ են այդ յարգելի ենթամշակոյթին?
ԲԱԼԱՆԴԵՕՌ. բանտի մէջ կերակուր բաշխող: ԲԵՐԴ. բանտ: ԲԵՐԴԻ ՊՈՒԾԵՈՎԿԱ. մատնիչ: ԾԱԿՈՒԻԼ. Բանտարկեալի մը մասին դատաւորներուն տեղեկութիւն հաղորդել: ՉԵՖԻՐ. բանտի թունդ թէյ: ՍՌՈԿ ՎԵՐՑՆԵԼ/ՇԱԼԱԿԵԼ. բանտարկուիլ, մեղադրանքը իր վրայ առնել: ՔՈՅՐԻԿ. միասեռական, զոր բանտի մէջ կ՛օգտագործեն սեռական գործողութեան նպատակով, նուրբ շարժուձեւ ունեցող տղայ: ԱԹԱՆԴԱ/ԱԹԱՆԴԻ. նախազգուշացում վտանգի մասին՝ բանտարկեալներու յատուկ ձայներով կամ նշաններով: ԲԱԼԱՄՈՒՏ. վէճ, իրարանցում: ԲԱՐԻԳ. թմրեցուցիչ ծախող: ԵՂՕ. Եղբայր, գողերու՝ իրար դիմելու ձեւ: ԵՐԳԵԼ. մատնել, տեղեկութիւն տալ դատական մարմիններուն: ԼՈԽ. բանտախուցի ներքին օրէնքներէ անտեղեակ, անփորձ, միամիտ մարդ: ՏՈՒԼԻԿ. բանտ ուղարկուող փոքրիկ ծանրոց, որ կը պարունակէ սնունդ եւ ծխախոտ: Վերջապէս՝ ՔԵՐՈԲ. օրէնքով գող: Առերես հանդիպման ժամանակ, լաւ յիշենք այս արտայայտութիւնը, գողին կը դիմեն «Քերոբ ջան» ձեւով:
«Բանտ» բառին ածականաձեւ տարբերակն ալ՝ «բանտային», ունի իր սեփական արտայայտութիւնները. բանտային՝ տարածք, ենթամշակոյթ, միջավայր, լեզու, պայմաններ, ընկերութիւն, խօսուածք, վարչակազմ, վարք, բարք, կեանք եւ ղեկավարութիւն: Ճիշդ է. բանտարկեալները ունին իրենց ներքին «ղեկավարութիւնը»: Կ՛արժէ նաեւ յիշել, որ Հայաստանի 12 բանտերուն մէջ այսօր ազատազրկուած կը մնայ 2145 բանտարկեալ: Հայրենի բանտերը կը գտնուին քնարական անուններ ունեցող, զբօսաշրջիկներու համար գրաւիչ, պատմութեամբ հարուստ վայրերու մէջ. Էրեբունի, Վանաձոր, Կօշ, Սեւան, Հրազդան, Գորիս, Աբովեան (կանանց եւ անչափահասներու համար), Արթիկ, Արմաւիր, Նուպարաշէն եւ Վարդաշէն (օտարներու եւ զինուորականներու համար):
ՆԱԶԵԼԻԻ ԲԱՆՏԸ
Բանտին մէջ ամէն խուց իր երգն ունի: Այլապէս, ինչպէ՞ս պիտի անցնէին օրերն ու ժամերը: Մենք ալ, մեր բնատարկուած այրերուն եւ կանանց նուիրենք երգ մը, իբրեւ մխիթարութիւն եւ ժամանց: Բոլորին սիրելի Գուսան Շահէնի սիրային մէկ երգն է անիկա, հրաժեշտի քաղցր մեղեդի մը: Լսենք եւ յուսանք, որ շուտով ապրելու իրաւունքի արժանի այրերը ազատ կ՛արձակուին.
«Գէօզալ մինչ երբ խռով մնաս…
Խօսիր ինձ հետ ջանիդ մատաղ,
Ես քո բերող նանիդ մատաղ,
Ազատիր քո սիրոյ բանտից նազելի ինձ.
Էշխիդ կրակ, դիւանիդ մատաղ»: