Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան սկսաւ Լիբանանի իշխանութեան պետերուն եւ քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն հետ ունենալիք հանդիպումները՝ ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի:
Լը Տըրիան այցելեց Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները եւ զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Լը Տըրիան նաեւ այցելեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիին, որուն հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանան կատարած իր այցելութեան նպատակն է՝ վերահաստատել Լիբանանի քաղաքական տագնապին լուծման հնգեակին կեցուածքները, որոնց հիման վրայ կոչ ուղղուած է լիբանանցիներուն միասնականացնելու քաղաքական կեցուածքները եւ անյապաղ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու:
Լը Տըրիան ընդգծեց, որ ինք այս իմաստով եկած է լիբանանցիներուն օժանդակութիւն առաջարկելու:
Ան հաստատեց, որ շարք մը հանդիպումներ եւ ժողովներ պիտի ունենայ, որպէսզի կարենայ այս ուղղութեամբ լիբանանեան համախոհութիւն մը ապահովել:
Լը Տըրիան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզէֆ Աունի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Լը Տըրիան շեշտեց, որ Ֆրանսա բացարձակ զօրակցութիւն կը յայտնէ լիբանանեան բանակին:
Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ հարաւային Լիբանանի զարգացումները:
Ֆրանսացի պատուիրակը բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակի դերակատարութիւնը՝ անոր դիմագրաւած ներկայ ծանր մարտահրաւէրներուն ի տես:
Իր կարգին, զօր. Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսային, որ միշտ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ բանակին եւ հետեւողական կերպով կ՛օժանդակէ անոր:
Լը Տըրիան այցելեց նաեւ Պքերքէ, ուր ընդունուեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ:
Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութիւն մը իրականացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Լը Տըրիան ուղղուեցաւ Մաարապ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժաաժաայի հետ:
Հանդիպումէն ետք Ժաաժաա յայտնեց, որ «Հըզպալլա»ն կը փափաքի ինքն իրեն համար հանրապետութեան նախագահ ունենալ, իսկ իրենք կը փափաքին Լիբանանի համար հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել: Ան «Հըզպալլա»ն եւ Դիմադրութեան առանցքին դաշնակիցները ամբաստանեց նախագահական ընտրութեան նիստերը արգելակելու յանցանքով եւ նշեց, որ հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն իրենց բնակարաններէն տեղահանուելու եւ հարաւային Լիբանանի քանդումին պատճառը դարձողը ինք պէտք է հատուցումներ կատարէ:
Անդրադառնալով լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան թղթածրարին՝ Ժաաժաա նշեց, որ այժմ ամէնէն դիւրին լուծումը լիբանանեան բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը մէկ տարիով երկարաձգելն է: