
Ստորեւ՝ հանգուցեալ ժագլին Գասպարեանի կենսագրութիւնը՝ արտասանուած իբրեւ դամբանական, անոր յուղարկաւորութեան ընթացքին.
Շատ դժուար է հաշտուիլ այն չարաբաստիկ իրականութեան հետ, որ այլեւս պիտի չբաբախէ Ժագլին Գասպարեանի սիրտը. այն սիրտը, որ տարիներ շարունակ մեծ նուիրումով բաբախած էր իր ընտանիքին, հարազատներուն, ազգակիցներուն ու հայրենակիցներուն համար:
Ժագլինի ընտանիքը ջարդին (Հայոց Ցեղասպանութեան-Խմբ.) ընթացքին կորսնցուցած է իր գերդաստանէն շուրջ 50-60 անդամներ: Երբ անոր համաքաղաքացիները գտած են Ժագլինի հայրը՝ երիտասարդ Գառնիկը, օգնած են անոր, որ ամուսնանայ 11 տարեկան մօր՝ Արմենուհիին հետ, որպէսզի անոնք թուրքերուն ձեռքը չիյնան: Այս զոյգի միացումէն լոյս աշխարհ կու գան 3 դուստրեր՝ Արեգնազը, Վարդուհին ու Ժագլինը:
Ժագլին Գասպարեան ծնած է 1944ին, Պէյրութի մէջ, Տէր Զօրի անապատներէն փրկուած Գառնիկ եւ Արմենուհի Գաբանջեաններու ընտանիքին մէջ, որ հաստատուած էր Պէյրութ, Լիբանան՝ յետ Մեծ Եղեռնի:
Երբ Ժագլինը կը ծնի Պէյրութի մէջ, իր ծնունդը շնորհաւորելու համար իրենց տունը կ՛այցելէ իր հօր ազգականներէն եւ աքսորէն ազատած իր ապագայ կեսուրը, իր 5 տարեկան որդիին հետ: Ազգականները այդ հանդիպման ընթացքին կը խօսին եւ կը պատմեն Տէր Զօրի անապատներուն մէջ իրենց ապրումները եւ այդ վայրկեանին իսկ կ՛որոշեն իր մանկական օրօրոցին մէջ գտնուող Ժագլինը ապագային պսակել 5 տարեկան Աւետիսին հետ՝ իբրեւ պէշիկ քէրթմէ:
1946ին Ժագլինը եւ իր ընտանիքը կը գաղթեն եւ կը հաստատուին Հայաստան, ուր ան հասակ կ՛առնէ, ուսում կը ստացայ եւ կ՛աւարտէ Միջնակարգ վարժարանը, որմէ ետք կ՛ընդունուի Երեւանի Պետական համալսարանի արեւելագիտութեան կաճառը եւ կը ստանայ արեւելագէտի կոչումը:
1968ին, երբ ան կ՛աւարտէ համալսարանական ուսումը կը պսակուի իր ծնած օրէն իսկ որոշուած Աւետիսին հետ եւ կը սկսի աշխատիլ նոյն համալսարանին մէջ, ուրկէ աւարտած էր: Այդ օրերուն, մեր հայրենիքը՝ Հայաստանը կ՛ապրէր դժուար օրեր, երբ գոյութիւն ունէին հացի հերթ եւ ընկերային ծանր պայմաններ: Նկատի ունենալով երկրի անբարենպաստ պայմանները, անոնք կ՛որոշեն անգամ մը եւս գաղթել իրենց հայրենիքէն, սակայն յետ ընտանեկան անհամաձայնութիւններու ու կարծիքներու տարբերութեան՝ կ՛որոշեն, որ Ժագլինի ամուսինը եւ իր մայրը մեկնին Ամերիկա, իսկ Ժագլինը մնայ Հայաստան:
1974ին, Ժագլինը կը մեկնի Վրաստան՝ մասնակցելու համար արեւելագիտութեան համամիութենական համագումարին՝ արժանանալով յատուկ մրցանակի մը՝ իր կարդացած՝ ՝ Լիբանանցի գրագէտ Միխայիլ Նայիմէի կեանքին եւ գրական գործունէութեան մասին զեկոյցին համար: Տարի մը ետք, զայն կ՛ուղարկեն Լիբանան, որպէսզի անձամբ ծանօթանայ իր զեկոյցի կերպարին՝ Միխայիլ Նայիմէին:
Աւետիսը այդ ժամանակ կ՛աշխատէր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Holiday Inn հիւրանոցէն մէկուն մէջ, եւ երկարատեւ ձգձգումներէ, տանջանքներէ ու ընտանեկան բաժանումներէ ետք, վերջապէս, Փետրուար1975ին Ժագլիը արտօնութիւն կը ստանայ մուտք գործելու Ամերիկա:
Այս ամոլը երկարատեւ բաժանումէ , սովետական օրերու հալածանքներէն եւ տանջանքներէ ետք, վերջապէս իրար կը միանայ եւ կը բախտաւորուի երկու աղջիկ զաւակներով՝ Նարինէով ու Լիւսիով:
Հայոց լեզուն, գրականութիւնը եւ հայ մշակոյթը միշտ ալ իր հետ եղած են իր կեանքի իւրաքանչիւր քայլափոխին: Ան հիացած է մեր ազգային հարստութեամբ եւ ոսկեղինիկ լեզուով: Ան գրած է բազմաթիւ յօդուածներ հայկական զանազան թերթերու մէջ: Ան երկար տարիներ «Նոր Կեանք» եւ «Փարոս» թերթերուն, ինչպէս նաեւ «Նաւասարդ» ամսագիրի խմբագրական կազմին մաս կազմած է եւ դարձած է գլխաւոր խմբագիրը «Հայարուեստ» թերթին:
Ժագլինի ու Աւետիսի Ամերիկայի օճախը միշտ եղած է հիւրընկալ, երբ անոնք ամսական դրութեամբ իրենց ընտանեկան յարկին տակ կը հրաւիրէին ազգիս մտաւորականները, արուեստագէտները եւ մշակութասէր խաւը՝ քննարկելու համար մայրենի լեզուին եւ մշակոյթին վերաբերող հարցեր:
Բոլորիս ծանօթ հզօր նկարագիրով այս մայրը անծայրածիր սէր տածած է իր ընտանիքին, զաւակներուն եւ վերջապէս թոռներուն հանդէպ: Ան ինքզինք գերերջանիկ զգացած է այն վայրկեանին, երբ իր ընտանեկան յարկը հարստացած է երկու աղջիկ թոռնիկներով՝ Ժագլինով եւ Իզապելլայով, որոնք մինչեւ իր կեանքի վերջին օրերը ստացած են իրենց մեծ մօրը օրհնութիւնը:
Ան միշտ իր խորհուրդներով, խրատներով եւ ցուցմունքներով նեցուկ կանգնած է իր ընտանիքին, միշտ ցանկալով անոնց համար լաւագոյնը:
Նոյնիսկ իր կեանքի վերջին ու ամէնէն դժուար հանգրուանին, երբ անողոք հիւանդութիւնը հարուածեց այս խիզախ անձնաւորութիւնը, ան թոյլ չտուաւ, որ իր ընտանիքը տառապի եւ ընկրկի, ու ինք իր իսկ ձեռքերով գրեց իր մահախօսականը, զորս դուք լսեցիք այսօր:
Դժբախտաբար, 23 Հոկտեմբեր 2023ին, մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ ան, իր ետին թողնելով իր յիշատակը վառ պահել խոստացող զաւակները, թոռները եւ հարազատները:
Այս ծանր պահերուն, թոյլ տուէք մեր շնորհակալական խօսքերը ուղղել բոլոր անոնց, որոնք մեր թանկագին Ժագլին Գասպարեանի հիւանդութեան եւ մահուան այս դաժան օրերուն եղան մեր կողքին:
Թող Աստուած անոր հոգին արժանացնէ երկինքի արքայութեան: