14 Նոյեմբերին, Թուրքիոյ փոխնախագահ Ճեւտեթ Եըլմազ մասնակցեցաւ գրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի ինքնահռչակ թրքական հանրապետութեան կազմաւորման 40ամեակին նուիրուած ընդունելութեան։
Եըլմազ, անդրադառնալով Ատրպէյճանի 19 Սեպտեմբերին Արցախի դէմ սանձազերծած պատերազմին՝ նշեց, որ ինչպէս միշտ, այդ ժամանակ եւս Թուրքիա եղած է եւ պիտի շարունակէ ըլլալ Ատրպէյճանի կողքին:
Նոյն օրը, քաղաքական յարաբերութիւններու զարգացման նպատակով, Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ թրքական բռնագրաւած բաժինին մէջ, Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ ինքնահռչակ թրքական հանրապետութեան իշխող կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն միջեւ «երեք պետութիւն մէկ ազգ» ըմբռնումով համագործակցութեան յուշագիր մը ստորագրուեցաւ։