Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային ներկայացուցչական 45րդ ժողովը տեղի ունեցաւ 11-12 Նոյեմբերին, կեդրոնիս «Գէորգ Անտոնեան» սրահին մէջ։ Ժողովին մասնակցեցան շրջանիս մասնաճիւղերէն եւ միաւորներէն 113 իրաւասու ձայնով ներկայացուցիչ քոյրեր եւ եղբայրներ, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան լիազօր ներկայացուցիչ Վիգէն Աբէլեան եւ անդամ Մհեր Դաւիթեան, ինչպէս նաեւ խորհրդակցական ձայնով 12 հրաւիրեալներ, ընդամէնը 128 մասնակցողներ։
Ժողովի բացումը կատարեց ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Թիւֆէնքճեան, որ բարի գալուստի իր խօսքէն ետք, Ժողովը վայրկեան մը յոտնկայս յարգեց մեզմէ առյաւէտ հեռացած ՀՄԸՄական քոյրերուն եւ եղբայրներուն յիշատակը:
Ընտրուեցաւ առժամեայ դիւանը, այնուհետեւ՝ ժողովի օրինականութիւնը հաստատելէ ետք, ժողովը ընտրեց մնայուն դիւանը՝ ատենապետներ Գարօ Խանճեան եւ Ժիրօ Թաթիկեան եւ ատենադպիրներ Ստեփան Պաղպուտարեան, Կարինէ Գնտոյեան եւ Սալբի Փօլատեան:
Ժողովը մանրամասնօրէն քննութեան ենթարկեց 2021-2023 երկամեայ Շրջանային վարչութեան գործունէութիւնը, գնահատելի նկատեց կատարուած իրագործումները եւ ապագայի հաշուոյն մշակեց նոր ծրագիրներ։
Շրջանային Ներկայացուցչական ժողովը լայնօրէն անդրադարձաւ ՀՄԸՄի սկաուտութեան, մարզական կեանքին եւ երիտասարդութիւնը հետաքրքրող հարցերուն եւ համապատասխան որոշումներով՝ առաջադրեց քայլեր անոնց թափ տալու։

Ժողովին կողմէ միաձայնութեամբ հաստատուած բանաձեւը կեդրոնացաւ բռնի տեղահանուած Արցախի հայութեան իրավիճակին վրայ եւ հետեւելով Կեդրոնական վարչութեան որոշումին՝ հաստատեց Արցախը մնայուն ներկայութիւն դարձնել շրջանիս աշխատանքներուն մէջ եւ ամբողջական աջակցութիւն ցուցաբերել մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն։
Ժողովը ընտրեց ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու 25րդ Շրջանային վարչութիւնը՝ հետեւեալ տասնմէկ անդամներով. Փիեռ Մանուկեան` ատենապետ, Ռաֆֆի Վարժապետեան՝ ատենադպիր, Վիգէն Տաքէսեան՝ գանձապահ, Արամ Թովմաս, Նովա Քուշերեան, Զարեհ Մովսէսեան, Փօլ Պաշգապագեան, Յարութ Մոմճեան, Սալբի Փօլատեան, Ալիս Սիմոնեան եւ Հերի Զաքարեան:
Աւարտին, իբրեւ նախաքայլ Արցախի գաղթականներուն աջակցութեան՝ ժողովը հաւաքեց կոկիկ գումար մը՝ նուիրելու «ՀՄԸՄ Արցախ հիմնադրամ»ին, որ պիտի օժանդակէ արցախցի գաղթականներու անյետաձգելի կարիքներուն: Որմէ ետք, Վիգէն Աբէլեան փոխանցեց իր պատգամը ու շնորհաւորեց նորընտիր կազմը: Ժողովը փակուեցաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով:
Նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը իր անդրանիկ նիստը գումարեց Կիրակի, 12 Նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 5ին, Շրջանային վարչութեան գրասենեակին մէջ, ներկայութեամբ Վիգէն Աբէլեանին, եւ Շրջանային ներկայացուցչական 45րդ ժողովի դիւանին ու միաձայնութեամբ ընտրեց իր դիւանը: Կազմի պաշտօններու բաժանումները կը փոխանցենք շուտով:
ՀՄԸՄ-Ի ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ