
Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Էտըմ Շիֆ Կիրակի, 12 Նոյեմբերին մասնակցեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած մամլոյ ասուլիսին, Ուաշինկթընէն անմիջական քայլեր պահանջելով Ատրպէյճանի կողմէ շարունակուող մարդկային իրաւանց ոտնահարումները կասեցնելու նպատակով։
Յիշեցնենք, որ Շիֆ անցեալ շաբաթ Ներկայացուցիչներու տան բանաձեւ մը ներկայացուց ՝ պահանջելով Պաքուէն անյապաղ ազատ արձակել հայ ռազմագերիները, գերի պահուող քաղաքայինները եւ քաղաքական բանտարկեալները, ներառեալ՝ Արցախի կառավարութեան պաշտօնատարները, որոնք ապօրինաբար ձերբակալուեցան անցեալ ամիս, Ատրպէյճանի տարած ցեղային զտումներու արշաւին ընթացքին։


Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Շիֆ կրկնեց, թէ պէտք է «Պաքուի բռնատէր»ին տրամադրուող ամերիկեան բոլոր աջակցութիւնները անմիջապէս կասեցուին եւ պատժական քայլեր պէտք է որդեգրուին ատրպէյճանցի պաշտօնատարներուն դէմ՝ աւելցնելով, որ ՄԱԿը եւս պէտք է դերակատար ըլլայ հայութեան արիւնահեղութիւնը կասեցնելու ջանքերուն։ Մամլոյ ասուլիսն մասնակցեցան նաեւ քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Փօլ Գրիգորեան եւ Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ, իսկ համակարգողն էր՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։