Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Կազայի «Շաֆա» հիւանդանոցը ներխուժելու՝ իսրայէլեան քայլը եւ Կազայի մէջ բժշկական այլ կեդրոններ թիրախ դարձնելը «լկտի ոճիր է»:
«Իսրայէլ Կազայի մէջ որակելի ոճիրներ կը գործէ, եւ անոնց պատասխանատուութիւնը Միացեալ Նահանգները կը կրէ», նշեց նախարարութիւնը՝ աւելցնելով. «Ուաշինկթընի կողմէ զինադադարի հաստատման խոչընդոտումը պիտի յանգեցնէ ընթացող պատերազմի շրջագիծի ընդլայնման»:
Միւս կողմէ, Եգիպտական աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ , յառաջիկայ օրերուն նախատեսուի իր աւարտին հասցնել քաթարական-ամերիկեան միջնորդութեամբ Իսրայէլի եւ պաղեստինեան խմբաւորումներուն միջեւ գերիներու փոխանակման համաձայնութեան մը ձեւաւորումը:
«Չենք կարծեր, որ անյապաղ զինադադարի հաստատման կամ երկարատեւ զինադադարի հաստատման կոչերը տեղին են, որովհետեւ այդ վերջապէս կը նշանակէ, թէ Իսրայէլ «Համաս»ին կարելիութիւն պիտի ընծայէ նոր հրթիռներ ձեռք բերելու», յայտնեց Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց: Ան կոչ ուղղեց «մարդասիրական զինադադարներ» հաստատելու:
«Կազայի տագնապը բացայայտեց երկակի չափանիշները արեւմտեան պետութիւններուն, որոնք չեն ուզեր Իսրայէլը դատապարտել: Անոնք չեն համարձակիր հարցերը իրենց իսկական անուններով կոչել, երբ հարցը կը վերաբերի իսրայէլեան արարքներուն», իր կարգին յայտնեց ՄԱԿի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչի առաջին տեղակալ Տմիթրի Փոլիանսքի:
ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթիերեշ յայտնեց, որ Պաղեստինեան իշխանութիւնը պէտք է ստանձնէ Կազայի վերահսկողութիւնը, իսկ Իսրայէլ պէտք է բանակցութիւններու սկսի երկու պետութիւններու համակեցութեան շուրջ: