ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Ֆրանսական «Ուեսթ-Ֆրանս» օրաթերթը հրապարակեց «Պասթիոն» զրահակառքերու Հայաստան առաքման լուրը: «Առաջին առաքումը, որ հաստատուեցաւ, կը վերաբերի Arquus-ի արտադրած «Պասթիոն» թեթեւ զրահակառքերուն։
«Պասթիոն»ը կրնայ փոխադրել ութ զինուորներ, զանոնք ապահով պահելով թեթեւ զէնքերէ եւ ականներէ։ 12․5 թոն կշռող այս զրահակառքերը սկիզբը նախատեսուած էին Ուքրանիոյ համար, սակայն Քիեւ գնահատեց, որ անոնք խոցելի են ընդդէմ հրետանային կրակի եւ հակահրասայլային հրթիռներու», կը գրէ «Ուեսթ-Ֆրանս»ը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.