Alpha News-ի հարցումներուն պատասխանելով՝ Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մօրենօ Օքամփօ յայտնեց, թէ Ալիեւ որեւէ քայլ առնելէ առաջ փորձ կը կատարէ հասկանալու, թէ ինչ պիտի ըլլայ անոր արձագանգը:
«Տեսէք, թէ ինչ եղաւ Լաչինի միջանցքին մէջ։ Նախ ան ուղարկեց այսպէս կոչուած կենսոլորտի պաշտպան գործիչներ, ապա ապահովութեան ուժեր, մասնակիօրէն փակելով Լաչինի միջանցքը, որմէ ետք հասաւ ամբողջական փակումին։ Ան տեսաւ, որ ոչինչ պատահեցաւ։ Այո, որոշ երկրներու ղեկավարներ հեռաձայնեցին անոր, բայց ոչինչ պատահեցաւ։ Ան ապուշ չէ եւ նախ կը ստուգէ գալիք հակադարձութիւնը», ըսաւ ան։
Ըստ Օքամփոյի՝ Ամերիկա, Իսրայէլ եւ Եւրոպական Միութիւնը յանցաւոր են Արցախի իրադարձութիւններուն համար, որովհետեւ իրենք էին, որ Պաքուի հոն ազատ աշխատելու իրաւունք տուին։
«Սխալը միւս երկրներուն է, ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգները, Իսրայէլ, Եւրոպական Միութիւն, որոնք արտօնեցին Ալիեւին՝ իր ուզածը ընելու։ Այդ պատճառով, ինծի համար կարեւոր է հասկանալ, թէ ինչ է պատահածը։ Երբ ցեղային զտումը կ՛անուանենք ցեղասպանութիւն, անիկա նման չէ Հրէական ողջակիզումին կամ Հայոց Ցեղասպանութեան, բայց իրաւական տեսանկիւնէն նոյնն է՝ ցեղասպանութիւն է, ինչպէս «Համաս»ի յարձակումը Իսրայէլի վրայ։ Անիկա աւելի փոքր է, բայց, ցեղասպանութիւն է եւ պետութիւնը իրաւական պարտաւորութիւն ունի կանխելու ցեղասպանութիւնը։ Այդ պատճառով, շատ կարեւոր է, որ Իսրայէլ դադարեցնէ զէնքերու տրամադրումը Ատրպէյճանին, որ Ամերիկա դադրեցնէ օգնութիւնը Ատրպէյճանին։ Ասոնք այն ազդակներն են, որոնք Ալիեւի համար հասկնալի պիտի ըլլան», ընդգծեց Օքամփօ, ըստ որուն, հիմա պէտք է ամէն ինչ ընել, որպէսզի Ատրպէյճան ազատ արձակէ Պաքուի մէջ պատանդ պահուող բոլոր գերիները։
«Ալիեւ 55 հոգի կը պահէ բանտերու մէջ, որոնցմէ 16ը գերի բռնուած է Սեպտեմբերի յարձակումէն ետք։ Անոնց մէկ մասը քաղաքական գործիչներ են, անոնցմէ մի քանին՝ սովորական քաղաքացիներ, իսկ ուրիշներ՝ զինուորականներ։ Անոնցմէ ոչ մէկը ազատ պիտի արձակուի, եթէ միջազգային կառոյցներ եւ այլ երկիրներ լուրջ ճնշումներ չբանեցնեն, որովհետեւ Ատրպէյճանի մէջ անկախ դատական համակարգ չկայ։ Ուաշինկթըն 2022ին հաստատած էր, որ Ատրպէյճանի մէջ անկախ դատական համակարգ չկայ։ Ուրեմն, այսօր հոն գտնուող այս գերիները ցեղասպանութեան զոհեր են։ Անոնք բանտարկուած են առանց պատճառի եւ հոն կը պահուին ըսելու համար հայերուն, որ եթէ վերադառնաք Լեռնային Ղարաբաղ պիտի ենթարկուիք նոյն ճակատագիրին», եզրափակեց Օքամփօ։
Նշենք, որ Օքամփօ նախորդ շաբաթավերջին Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկին մեծարուղներէն մէկը հանդիսացաւ։