
Երկուշաբթի, 13 Նոյեմբերին, Արամ Ա. կաթողիկոսը, ընկերակցութեամբ Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համաատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեանի՝ այցելեց Ուաշինկթընի մէջ երկար տարիներէ ի վեր հաստատուած Հայ Դատի գրասենեակը:
Կաթողիկոսին պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ լաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Յովակիմ վրդ. Բանճարճեան, Միջին Արեւելքի միջեկեղեցական եւ միջկրօնական բաժանմունքի պատասխանատու Սարգիս վրդ. Աբրահամեան եւ Արեւելեան Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Արամ Սարաֆեան:
Արամ Ա. շուրջ երկու ժամ հանդիպում ունեցաւ կեդրոնի տնօրէն Արամ Համբարեանի եւ անոր գործակիցներուն հետ, Հայ Դատի աշխատանքներու առնչութեամբ: Համբարեան, ողջունելով հայրապետը՝ ըսաւ, թէ վեհափառը ո՛չ միայն զօրակից է Հայ Դատի աշխատանքներուն, այլեւ պայքարի առաջին գիծին վրայ հսկայ ներդրում կատարած է՝ թէ՛ անձնապէս եւ թէ իր գլխաւորած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը: Համբարեան ընդհանուր գիծերով ներկայացուց կեդրոնին կատարած Հայ Դատի զանազան աշխատանքները, որոնք, յատկապէս վերջին տարիներուն, բազմացան ու բարդացան: Ան յայտնեց, որ, դժբախտաբար, ներդաշնակութեան պակասը կայ Հայաստանի դեսպանատան եւ կեդրոնի աշխատանքներուն միջեւ, հետեւաբար, անհրաժեշտ է աշխատանքներուն աւելի համադրուած ու ծրագրուած դառնալը:

Այս առիթով, Արամ Ա. իր բարձր գնահատանքը յայտնեց կեդրոնին կատարած գործունէութեան, որ հետզհետէ աւելի կ՛ընդլայնի: Ան ըսաւ, որ Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին եկան աւելնալու Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութեան, Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան, Ամերիկա-Թուրքիա-Ատրպէյճան յարաբերութեան եւ այս բոլորին հետ աղերս ունեցող բազմաթիւ հարցեր: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ յատկապէս Ամերիկայի հայութիւնը աւելիով զօրավիգ կանգնի կեդրոնի գործունէութեան: Շարունակելով իր խօսքը՝ վեհափառը շեշտեց նոր ռազմավարութեան մշակման անհրաժեշտութիւնը՝ աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններուն եւ Արցախի ողբերգութենէն ետք ստեղծուած նոր իրավիճակի լոյսին տակ: Խօսելով Արցախի մասին՝ կաթողիկոսը ըսաւ, որ անհրաժեշտ է միջազգային օրէնքի շրջագիծին մէջ կարեւորութեամբ քննել Արցախին վերաբերող երեք հարցեր. ա) Արցախի հոգեւոր եւ մշակութային կոթողներու անվթար պահպանումը, բ) արցախցիներու վերադարձի իրաւունքի հաստատումը եւ գ) վտարանդի կառավարութեան նշանակումը:
Ապա, հայրապետը բարձրօրէն գնահատելով կեդրոնին կատարած աշխատանքները՝ վերահաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Հայ Դատի հետապնդման եւ պաշտպանութեան լծուած այս կեդրոնին։