
ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ ԿԷՏԻԿԵԱՆ
Հինգշաբթի, 2 Նոյեմբերին, Մոնթրէալի «Արմէն Կարօ եւ Շաքէ Կէօնճեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Քեպեքի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին՝ տեղի ունեցաւ Միւնիխի համալսարանի արեւելագիտութեան դասախօս Թալին Սուճեանի «Outcasting Armenians – Tanzimat of the provinces» (Վտարանդի հայեր – գաւառներու Թանզիմաթը, անգլերէն) գիրքին շնորհահանդէսը:
Նախ Գրական յանձնախումբի բարի գալուստի խօսքը փոխանցեց Նանոր Սնապեան, որմէ ետք օրուան զրուցավար Հրայր Բազէ ներկայացուց գիրքին հեղինակը՝ պատմաբան Թալին Սուճեանը, որ ներկայիս Լուտվիկ-Մաքսիմիլիան համալսարանի Արեւելագիտութեան բաժինի թրքագիտութեան ամպիոնի գիտաշխատող է:
Գիրքին ներկայացումը կատարեց նոյնինքն հեղինակը, որ պարբերաբար գիրքէն նկարներու ցուցադրութեամբ եւ անգլերէնով ներկայացուց իր գիրքը: Պատմաբանը իր խօսքը սկսաւ՝ շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրականացուցին սոյն շնորհանդէսը, ապա ըսաւ. «2014ին, երբ այցելեցի Փարիզի «Նուպար» գրադարանը՝ հետազօտութեան նպատակաւ, պատահաբար հանդիպեցայ Հայոց պատրիարքարանի 19րդ դարու նամակագրութեան թղթածրարներուն, զորս գրադարանի տնօրէն Պորիս Աճէմեան ցոյց տուաւ ինծի: Ես ուղղակի ապշած մնացի, երբ յայտնաբերեցի, որ ընդհանուր առմամբ 240 բնակավայրերու կը վերաբերէին անոնք»: Ապա Սուճեան աւելցուց՝ ըսելով, թէ երկու տարի պէտք եղաւ, որ զանոնք ուսումնասիրելու իր ներքին վախը կարենայ յաղթահարէ, մինչեւ որ 2016ի աշնան վերջապէս կրցաւ սկսիլ այդ աշխատանքին, «երբ նոր աշխարհ մը բացուեցաւ դիմացս՝ Օսմանեան հայերուն մասին»:

Անդրադառնալով այդ նամակագրութիւններուն՝ Սուճեան ըսաւ. «Երբ կը կարդայի պատրիարքարանի երկրի բոլոր կողմերուն հետ նամակագրութիւնները՝ անդրադարձայ, որ թանզիմաթեան՝ արդիականացման եւ արեւմտականացման գործընթացը իսկապէս տեղի կ՛ունենար, բայց ոչ անպայման իրենց ամէնէն դրական իմաստով: Բոլոր գաւառներէն խնդրագիրները, զեկոյցները եւ բողոքները, որոնք կ՛առաքուէին պատրիարքարան կամ Օսմանեան կայսրութեան, կը բովանդակեն թանկարժէք տուեալներ օսմանեան վարչակազմին վերաբերեալ»:
Սուճեան, լուսաբանելով 19րդ դարու իրադարձութիւնները՝ նշեց, որ գաւառային հարստահարութիւնները սկսած են ոչ թէ համիտեան շրջանին, ինչպէս համատարած կերպով ընդունուած է, այլ 19րդ դարու առաջին կիսուն եւ շարունակուած՝ մինչեւ 1915: Ան մէջբերեց նաեւ Կիլիկիոյ պարագան՝ ըսելով. «Կիլիկիոյ հայ գիւղացիներու աքսորը 1868ին ցոյց կու տայ, որ Թանզիմաթը իրականութեան մէջ, հայերուն համար ուղղակի հակառակ նշանակութիւնը ունեցաւ (կեանքի, պատիւի եւ ունեցուածքի անապահովութիւն), քան այն, ինչ կը սպասուէր որ իրագործէ: Հողատարածքը եւ անոր բնիկ ժողովուրդը Թանզիմաթի իսկական թիրախն էին»: Ան նաեւ յիշատակեց Չարսանճագի պարագան՝ յայտնելով, որ անոնց բողոքները սկսած էին տակաւին1850կաններու կիսուն:
Պատմագէտը իր խօսքը աւարտեց՝ ըսելով. «Բնաջնջնուած ժողովուրդներու պատմութիւնը յեղափոխականութիւն է, որովհետեւ անիկա միակ պատմութիւնն է, որ կը պարունակէ ամէնէն մութ ճշմարտութիւնը յանցագործին եւ հետեւաբար՝ ամբողջ մարդկութեան մասին: Հայկական աղբիւրները ուսումնասիրելը եւ անոնց ձայնը նորօրեայ պատմութեան մէջ լսելի դարձնելը հզօր պատգամ մը ունի փոխանցելիք, որն է՝ արդարութեան եւ կեանքի, պատիւի եւ ունեցուածքներու ապահովութեան՝ ի խնդիր մէկ դարու պայքարի. բնաջնջուած եւ աքսորուած ժողովուրդի մը անդուլ պայքարը, որ բռնի կրօնափոխուեցաւ, փրկուեցաւ, բայց անանուն մնաց…»: Աւարտին, տեղի ունեցաւ ներկաներուն հետ զրոյց մը՝ զրուցավարութեամբ Հրայր