Կազմակերպութեամբ Մարսէյի Համազգայինի «Քուրան Տ՛Ար» (Courants d’Art: արուեստի հոսանք) գեղարուեստի դպրոցի վարչութեան, Կիրակի, 5 Նոյեմբերի երեկոյեան, «Լ՛աքթ 12» (L’acte 12) սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի մասին զեկուցում-զրոյց մը։
Զեկուցաբերներն էին` Եւրոպայի Հայ Դատի Ֆրանսայի ներկայացուցիչ Անահիտ Յակոբեան եւ հեռակայ կապով` Արցախի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Գեւ Իսկաճեան։
Ձեռնարկի աւարտին բեմ բարձրացան Համազգայինի youth links-ին մասնկցող ուսանողները եւ իրենց պարուսոյցին եւ ներկաներուն հետ ներկայացուցին հայկական շուրջպար մը՝ փոխանցելով հայուն` ապրելու, գոյատեւելու եւ ստեղծագործելու կամքը եւ վճռականութիւնը։
