«Եօթներու խմբակ»ի անդամ երկիրները մտահոգութիւն յայտնեցին Ատրպէյճանի զինուորական գործողութենէն ետք Արցախի հայերու հարկադրեալ տեղահանութեան համար։
Այս մասին կ՛ըսուի «Եօթներու խմբակ»ի արտաքին գործոց նախարարներու միացեալ յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուեցաւ Թոքիոյի մէջ երկօրեայ հանդիպումի աւարտին:
«Ատրպէյճանին կոչ կ՛ուղղենք՝ ամբողջութեամբ կատարելու իր պարտաւորութիւնները միջազգային մարդասիրական օրէնքի ծիրին մէջ, եւ կ՛ողջունենք ստիպողաբար իրենց տուներէն հեռացած մարդոց մարդասիրական կարիքներու անյապաղ բաւարարման ջանքերը», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ, ուր նաեւ կը հաստատուի, որ «Եօթներու խմբակ»ը կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ «կայուն եւ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման քայլերուն` ուժի չկիրարկման, գերիշխանութեան յարգման, սահմաններու անխախտելիութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներուն հիման վրայ»:
Երեւան ողջունեց «Եօթներու խմբակ»ի յայտարարութիւնը: «Միջազգային վճռական քայլերը եւ ներգրաւուած բոլոր կողմերի յստակ հրապարակային պարտաւորութիւնների կատարումը կարեւոր նշանակութիւն ունեն Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ յարաբերութիւնների կարգաւորման համար` համաձայն Գրանադայի յայտարարութեան, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղից բռնի տեղահանուած հայերի կարիքները բաւարարելու համար», «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան: