ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի մէջ Սեպտեմբեր 24-29ին կը նախատեսուի կազմակերպել «”Սինոփսիս”ի շաբաթ Հայաստանի մէջ» ձեռնարկներու շարքը, որուն մասնակցելու նպատակով Հայաստան պիտի այցելէ «Սինոփսիս»ի ղեկավարութեան պատուիրակութիւնը՝ ընկերութեան նախագահ Չի Ֆուն Չանի գլխաւորութեամբ:
Այցի ընթացքին նախատեսուած է պատուիրակութեան հանդիպումը նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի, վարչապետ Սերժ Սարգսեանի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ: Կը նախատեսուի պաշտօնապէս բացումը կատարել Երեւանի «Սինոփսիս Արմենիա»ի նոր շէնքին, կազմակերպել տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի լաւագոյն ուսանողներու եւ աշակերտներու՝ նախագահի ամէնամեայ կրթական պարգեւի յանձնման արարողութիւնը եւ անոնց հանդիպումը նախագահին հետ:
Նշենք, որ 2004ին հիմնուած «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութիւնը անցեալ տարիներուն ընթացքին ժամանակակից պահանջները բաւարարող բարձրորակ մասնագէտներու համար ստեղծած է մօտ 400 նոր աշխատատեղեր, եւ մինչեւ այսօր Հայաստանի մէջ «Սինոփսիս»ի ներդրումներու ընդհանուր ծաւալը կազմած է շուրջ 460 միլիոն տոլար: Ընկերութիւնը կ’աջակցի նաեւ Հայաստանի եւ տարածաշրջանին մէջ կրթական ծրագիրներու իրականացման եւ զարգացման՝ յաջողութեամբ գործակցելով Հայաստանի պետական ճարտարագիտական, Երեւանի պետական, Հայաստանի ամերիկեան, Ռուս-հայկական (Սլաւոնական) համալսարաններուն, ինչպէս նաեւ Մոսկուայի Ելեքթրոնային արհեստագիտութիւններու հիմնարկին հետ: