ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Օգոստոս 15ին, Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ նորվեկիացի գիտնական, մարդասէր, հասարակական գործիչ, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր եւ հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ Ֆրիտեոֆ Նանսէնի (1861-1930) թանգարանին՝ Հայաստանի մէջ գործող «Ֆրիտեոֆ Նանսէն» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ եւ «Ղարաբաղ թելեքոմ» ընկերութեան աջակցութեամբ:
Վարչապետի խորհրդական, ակադեմիկոս, հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Ֆատէյ Սարգսեան Ֆ. Նանսէնը բնութագրեց իբրեւ անձ մը, «որը սիրել է մեր ժողովրդին, նրան նուիրել իր մարդասիրական գործունէութեան մի բաժինը եւ այն գլխարկը, որ միշտ կրում էր, թողել Հայաստանում»:
Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ փոխվարչապետ եւ տարածքային կառավարման նախարար Յովիկ Աբրահամեան նշեց, որ Ֆ. Նանսէնի տուած անցագիրներով 320 հազար հայ գաղթական տեղաւորուած է 52 երկիրներու մէջ եւ 50 հազար յունահայեր ալ բնակութիւն հաստատած են Հայաստան: Ան յայտնեց նաեւ, որ կառավարութեան կողմէ յանձնարարուած է Երեւանի քաղաքապետարանին՝ Նանսէնի յուշարձանը կանգնեցնել: Եւ քանի որ նորաբաց թանգարանն ալ տեղաւորուած է երկու նեղ սենեակներու մէջ, փոխվարչապետը նշեց, որ աշխատանք կը կատարուի թանգարանին նոր շէնք տրամադրելու ուղղութեամբ:
Այնուհետեւ «Ֆրիտեոֆ Նանսէն» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Ֆելիքս Բախչինեան հրապարակեց հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի որոշումները նախարար Յովիկ Աբրահամեանը հիմնադրամի պատուաւոր նախագահ ընտրելու եւ «Ֆ. Նանսէն» շքանշանով պարգեւատրելու, «Ղարաբաղ թելեքոմ»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը հոգաբարձուներու խորհուրդի պատուոյ համանախագահ ընտրելու եւ շարք մը հասարակական գործիչներու եւ մշակոյթի ասպարէզի մարդոց նոյն շքանշանով պարգեւատրելու մասին. ան պարգեւները յանձնեց յիշեալ անձերուն:
Նշենք, որ Ֆ. Նանսէն խիստ ձեւով դատապարտած է սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ի եւ երիտթուրքերու կազմակերպած հայերու Ցեղասպանութիւնը եւ, զբաղելով գաղթականներու խնդիրով, մեծ օգնութիւն ցոյց տուած է բազմահազար հայ գաղթականներու: Ան օժանդակած է հայ գաղթականները Հայաստան հայրենադարձելու գործին եւ գլխաւորած է այդ գործով զբաղող յանձնաժողովը 1925-1929 թուականներուն: Այդ նապատակով ան իր յանձնաժողովին հետ 1925ի Յունիսին ժամանած է Հայաստան, ապա վերադառնալով Ազգերու լիկա, զեկուցագիր ներկայացուցած է, որու առաջարկները դժբախտաբար չեն իրագործուած, եւ ինք իր նիւթական միջոցներով կազմակերպած է գաղթականներու մէկ մասի ներգաղթը:
Նանսէն հայ ժողովուրդի մասին գրած է շարք մը ուսումնասիրութիւններ, որոնցմէ է՝ «Խաբուած ժողովուրդը» գիրքը, որ թարգմանուած է բազմաթիւ լեզուներու, նաեւ՝ հայերէն:
Երեւանի մէջ կայ Նանսէնի փողոց, իր անունով կոչուող դպրոց, Սպիտակի մէջ՝ Նորվեկիական գիւղի տարածքին մէջ տեղադրուած է իր յուշարձանը: