The Economic Times-ը կը գրէ, որ Հնդկաստան կը քննէ Հայաստանին յաւելեալ սպառազինութիւն մատակարարելու կարելիութիւնը։
«Հնդկաստան կը մտածէ Հարաւային Կովկասի մէջ իր ռազմավարական դաշնակիցին՝ Հայաստանին սպառազինութեան նոր խմբաքանակ մատակարարելու մասին՝ անցեալ տարուան ընթացքին սպառազինութեան առաջին խմբաքանակի յաջող մատակարարումէն ետք», կը գրէ թերթը՝ նշելով, որ վերջերս Հայաստանէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը ժամանած էր Նիւ Տելհի եւ քննարկումեր կատարուած էին այս առնչութեամբ։
Թերթը կ՛ընդգծէ, որ Հնդկաստան Հայաստանի համար դարձած է զէնքի վստահելի մատակարար ։
Նոր մատակարարումերուն մասին մանրամասնութիւններ առայժմ չկան, սակայն, ինչպէս կը նշէ թերթը, հայ պաշտօնատարները, որոնք փափաքած են անանուն մնալ, ըսած են, որ նոր զէնքերը կրնան զսպող միջոց հանդիսանալ Ատրպէյճանի հետ բարդ իրավիճակին մէջ։
Հնդկաստանի կողմէ Հայաստանին մատակարարուած սպառազինութեան վերջին խմբաքանակին մէջ կային Pinaka տեսակի բազմափողանի հրթիռային կայաններ, հակահրասայլային միջոցներ, հրթիռներ եւ այլ զինամթերք։