Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, անոր տեղական մասնաճիւղերուն եւ այլ կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ՝ 19 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ համայնքին քննարկում մը Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ճես Կապրիյէլի հետ, որ կը ներկայացնէ 46րդ ընտրատարածքը, որուն սահմաններուն մէջ կ՛իյնան Արեւմտեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի շարք մը հայահոծ քաղաքներ։
Տեղական հարցերու կողքին, քննարկումի առարկայ դարձան նաեւ Արցախի հայաթափումը եւ համացանցին վրայ ապատեղեկութեան եւ հայատեաց արշաւներուն դէմ դնելու կարելիութիւնները։ Շեշտուեցաւ նաեւ Հայաստանի եւ յատկապէս Սիւնիքի եւ Քալիֆորնիոյ միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնելու կարեւորութիւնը, յատկապէս այս պահուն, երբ պաքու շարունակաբար կը սպառնայ Սիւնիքին։


Կապրիյէլ , որ նպաստած է հայկական հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու նահանգային օժանդակութիւն ապահովելու ջանքերուն՝ խստացաւ շարունակել իր աջակցութիւնները, շրջանի հայութիւնը յուզող հարցերուն գծով։
Համայնքին անունով, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին տեղական մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Կարօ Քամարեան երախտագիտութիւն յայտնեց Կապրիյէլին՝ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան համար, որմէ ետք Կապրիյէլ պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն։