
ՍԱՀԱԿ ՍՈՒՔԻԱՍԵԱՆ
26 Հոկտեմբերին, Երուսաղէմի «Կովերու պարտէզ»ի կառքերու կայանատեղին յանձանձող ընկերութիւնը սկսած է քանդել ցանկապատը այս հողատարածքին, որ վերջին շրջանին անդադրում վէճերու առարկայ դարձած է եւ որուն մէկ մասը տակաւին մինչեւ այսօր Նուրհան պատրիարքը եւ միաբանութեան այլ կրօնաւորներ եւս կ՛օգտագործեն իբրեւ կայանատեղի։
Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի ունեցուածքի ղեկավար Կորիւն եպս. Բաղդասարեան անմիջապէս միջամտած է՝ դադրեցնելու համար աշխատանքները, մինչեւ որ հարցը դարձեալ քննարկուի Նուրհան պատրիարքին հետ։
Մինչ օրս կը շարունակէ մնալ անորոշ, թէ արդեօք իրաւական գործողութիւններու ձեռնարկուա՞ծ է՝ կանխելու համար Հայոց պատրիարքարանի այս կարեւոր ինչքի փոխանցումը հրեայ-աւստրալիացի գործարարին: Սուրբ քաղաքի հայ համայնքի ստուար մէկ զանգուածը դէմ է պատրիարքին, որ կը համարուի քանի մը ամիսէ ի վեր շարունակուող այս գայթակղութեան գլխաւոր պատասխանատուն։
6 Մայիսին, միաբանութեան վարչութիւնը Պարէտ վրդ. Երիցեանը հեռացուց պատրիարքարանի ունեցուածքի պատասխանատուի պաշտօնէն եւ զայն կարգալոյծ հռչակեց։ Հայր Պարէտը այդ օրերէն ի վեր ապաստանած է Միացեալ Նահանգներ: Ըստ շատերու՝ 77ամեայ այս վարդապետը, որ կը համարուէր Նուրհան պատրիարքի շատ մտերիմ խորհրդականը, վերջինիս կողմէ զոհուեցաւ՝ պատրիարքական իր աթոռը փրկելու համար։
Մտահոգ՝ ի տես հայկական թաղամասի զգալի մէկ մասին (ըստ որոշ աղբիւրներու՝ գրեթէ 25 տոկոսին) հրեայ-աւստրալիացի գործարարին ձեռքը անցնելու իրողութեամբ, Յորդանանի թագաւորը եւ Պաղեստինի իշխանութիւնը՝ իբրեւ քրիստոնէական սրբավայրերու պաշտօնական խնամակալներ՝ կասեցուցած են Նուրհան պատրիարքի ճանաչումը մինչեւ նոր որոշում:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»