26 Հոկտեմբերին, Պրիւքսէլի մէջ մեկնարկող Եւրոպական Միութեան երկօրեայ վեհաժողովի բանաձեւի նախագիծին մէջ, անդրադարձ կայ նաեւ հայ-ատրպէյճանական կապերու կարգաւորման:
«Եւրոպական խորհուրդը կ՛ընդգծէ իր շարունակական աջակցութիւնը յառաջ մղելու Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ կայուն եւ երկարաժամկէտ խաղաղութիւն հաստատելը՝ հիմնուած ինքնիշխանութիւնը, սահմաններու անձեռմխելիութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու սկզբունքներուն վրայ: Եւրոպական խորհուրդը կ՛ընդգծէ Ղարաբաղի հայերուն իրաւունքները եւ ապահովութիւնը երաշխաւորելու կարեւորութիւնը, ներառեալ անոնց, որոնք կը փափաքին վերադառնալ իրենց տուները: Կ՛աջակցի Պրիւքսէլի բնականոնացման գործընթացին եւ կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ՝ բարեխղճօրէն ներգրաւուելու եւ գործընթացը աւարտելու այս տարուան վերջաւորութեան», կը նշուի Եւրոպական Միութեան վեհաժողովին ընդունուելիք փաստաթուղթի նախագիծին մէջ, որուն բովանդակութիւնը ձեռք բերաւ «Ազատութիւն»ը:
Իր կարգին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Թիֆլիսի մէջ ընթզցող «Մետաքսի ճանապարհ» միջազգային համաժողովին ընթացքին նշեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կարգին են այն 12 երկիրներուն, որոնք ստորագրած են Ալմաթիի հռչակագիրը եւ իբրեւ այդ հռչակագիրին մասնակցողներ՝ ճանչցած են իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը:
«Մենք յոյս ունինք, որ այդ սկզբունքներու հիման վրայ յառաջիկայ ամիսներուն Ատրպէյճանի մէջ պիտի ստորագրուի խաղաղութեան համաձայնագիր մը եւ վերականգնին յարաբերութիւնները», յայտարարեց Փաշինեան: