Ընդառաջելով Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի փափաքին՝ ազգային բարերար տէր եւ տիկին Մայք եւ Եւելինա Սարեանները գոհունակ սիրտով յանձն առին հովանաւորել 2024ի «Առաջնորդ սրբազան հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ընթրիք»ը. այս մասին ուրախութեամբ կը յայտարարեն Կրօնական ժողովը, Ազգային վարչութիւնը եւ Տիկնանց Օժանդակ մարմինը:
Ընթրիքը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 6 Յունուարին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ:
Այս առիթով, առաջնորդ սրբազանը անգամ մը եւս բարձր կը գնահատէ Սարեան ամոլի առատաձեռն նուիրատուութիւնը եւ կամեցողական ոգին ու աղօթաբար կը մաղթէ, որ աստուածային օրհնառատ բարիքները անպակաս ըլլան Սարեան մեծ ընտանիքի կեանքէն եւ գործունէութենէն:
Յայտնենք, որ յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսի, ընթացիկ տարուան մէջ, առաջնորդ սրբազանը «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշանով պարգեւատրեց Հայ եկեղեցւոյ նուիրեալ զաւակ Մայք Սարեանը:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ