Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի 26 Հոկտեմբերին այցելեց Ջերմուկի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերը եւ ծանօթացաւ այդ հատուածին մէջ Ատրպէյճանի հետ սահմանին իրավիճակին:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ Հայաստանի զինուած ուժերու 5րդ բանակային ջոկատի հրամանատար Սասուն Բադասեան նախարարին ներկայացուց գետնի վրայ տիրող իրավիճակը եւ տուեալներ փոխանցեց այդ հատուածին մէջ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու բռնագրաւման վերաբերեալ:
Բադասեան մանրամասնեց, որ այդ հատուածին մէջ Ատրպէյճան մխրճուած եւ գրաւած է 7600 հեկտար տարածք:
Ժոլի նաեւ այցելեց Ջերմուկ՝ հոն գործող դիտորդական առաքելութեան գրասենեակը:

«Շատ հաճելի է Ջերմուկ գտնուիլը՝ աւելին իմանալու այն աշխատանքին մասին, զոր կը կատարէ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը, որուն կը միանայ Գանատան: Գանատա Եւրոպական Միութեան անդամ չեղող առաջին երկիրն է, որ կը միանայ այս առաքելութեան: Այսպիսով, մենք կը քննարկենք միջոցներու կառավարման հարցեր, թէ ինչպէս կրնանք համարկուիլ այս կարեւոր առաքելութեան մէջ, որ կարեւոր է տարածաշրջանի մարդասիրական հարցերը հասցէագրելու, ինչպէս նաեւ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն բերելու առումով», Եւրոպական Միութեան դիտորդներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին ըսաւ Ժոլի:
Ջերմուկի մէջ ան այցելեց նաեւ մարտական դիրքեր եւ հանդիպում ունեցաւ Արցախէն բռնի տեղահանուած քաղաքացիներու հետ: