Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետներ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իրագլի Ղարիպաշվիլիի առանձնազրոյցը: Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակեց Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Զրուցակիցները քննարկեցին հայ-վրացական համագործակցութեան օրակարգին, որոնց կարգին երկկողմ տնտեսական կապերուն վերաբերող հարցեր:
Անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն: Զրուցակիցները խաղաղութեան եւ կայունութեան ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու իրականացումը կարեւոր նկատեցին: