Հայաստանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը 25 Հոկտեմբերին կանչուեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն՝ «Ռուսիոյ դէմ հայկական լրատուամիջոցներու անախորժելի հրապարակումներուն առիթով»: Այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
Քրեմլին իր կարգին յայտարարեց, թէ պարզաբանումներ կ՛ակնկալէ Երեւանէն՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին հարցազրոյցին վերաբերեալ:
Վարչապետը ամերիկեան WSJ-ի հետ զրոյցին ընթացքին խօսած էր դաշնակիցներու փնտռտուքին մասին եւ հարցականի տակ դրած էր Հայաստանի մէջ տեղակայուած ռուսական ռազմակայանին նպատակայարմարութիւնը:
«Մենք հակուած չենք The Wall Street Journal-ը ընկալել իբրեւ աղբիւր, այնպէս որ դեռ պէտք է հասկնալ, թէ ճիշդ ինչի՞ մասին կը խօսի ան: Յոյս ունինք, որ պարոն Փաշինեանի, եւ, անշուշտ, մեր հայ բարեկամներուն հետ շփումներուն ընթացքին կը ստանանք ամբողջ տեղեկատուութիւնը այս հարցին վերաբերեալ», ըսաւ Տմիթրի Փեսքով:
Ըստ «Ազատութեան»՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արդէն պարզած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները կը սադրեն արեւմտեան լրատուական գործակալութիւնները:
«Մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս արեւմտեան լրատուամիջոցները բառացիօրէն կը յուշեն պաշտօնական Երեւանի ներկայացուցիչներու ականջին՝ անոնցմէ կորզելով սադրիչ հարցումներու պատասխանները: Դժբախտաբար, այսպիսի սադրանքները տեղ կը հասնին, մեզի ալ յաճախ սադրիչ հարցումներ կ՛ուղղեն, մենք կը նախընտրենք պատասխանել, որ մեր յարաբերութիւններուն մէջ հարցերը, մասնաւորապէս Հայաստանի հետ, կը լուծենք երկկողմ շփումներու ընթացքին», նշեց Մարիա Զախարովա:
Ան շեշտեց, որ Ռուսիա հայկական տնտեսութեան հիմնական ներդրողն է, եւ որ Հայաստանի մէջ կը գործէ ռուսական շուրջ չորսուկէս հազար ընկերութիւններ, որոնք մեծագոյն հարկատուներն են: Իսը ռուս սահմանապահները, ըստ անոր, պահանջուած են Հայաստանի մէջ, այնքան ատեն որ Երեւան իր յարաբերութիւնները չէ կարգաւորած դրացիներուն հետ. «Մեր սահմանապահները կը կանխեն հայ-թրքական սահմանի չարտօնուած հատումը, մաքսանենգ ապրանքներու տեղափոխութիւնը հայ-իրանական սահմանով»:
Անդրադառնալով այն քննադատութիւններուն, որոնք ուղղուեցան ռուս խաղաղապահներու հասցէին, որոնց ներկայութեան Արցախ քանի մը օրուան ընթացքին գրեթէ ամբողջութեամբ հայաթափ եղաւ, Զախարովա պնդեց, որ եթէ անոնք չըլլային, աւելի վատ պիտի ըլլար։ «2020ի աշունէն սկսեալ զարգացումները աւելի ողբերգական պիտի ըլլային Երեւանի համար, յատկապէս Հայաստանի իշխանութեան կողմէ հրապարակաւ Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալէ ետք», ըսաւ ան:
Յայտնենք, որ այս ամսուան սկիզբը թուրք լրագրող մը Զախարովային հարցուց, եթէ ռուսական ռազմակայանը պիտի մնա՞յ Հայաստանի մէջ՝ հայ-ռուսական խորացող լարուածութեան լոյսին տակ Զախարովա յիշեցուց, որ Միջպետական համաձայնագիրով Գիւմրիի ռազմակայանը հայ-թրքական սահմանին տեղակայուած է մինչեւ 2044, եւ որ այդ փաստաթուղթը տակաւին որեւէ մէկը չէ չեղարկած:
Պաշտօնական Մոսկուա կը շարունակէ պնդել, որ հայկական կողմին հետ կապերը կը շարունակուին, ինչպէս նաեւ միջնորդութիւնը Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ՝ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու համար: «Մենք այդ պիտի ընենք հետագային, մենք ունինք շատ ծաւալուն օրակարգ», դիտել տուաւ Փեսքով:
Միւս կողմէ Զախարովա շեշտեց, որ Երեւան կը հրաժարի Մոսկուայի հարթակէն: Ըստ անոր՝ եթէ Հայաստան քաղաքական կամք դրսեւորէ, Մոսկուա պատրաստ է թէ՛ արտաքին գործոց նախարարներու, թէ՛ առաջին դէմքերու եռակողմ հանդիպումներ կազմակերպել: