
Կիրակի, 17 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Հոլիվուտի «Տաղլեան» մշակութային համալիրի ընդարձակ կառոյցին մէջ, սկիզբ առաւ Համազգայինի Արեւմտեան շրջանի հիմնադրութեան 55ամեակին նուիրուած յոբելենական խրախճանքը, որ կերտեց պատմական նոր էջ մը միութեան տարեգրութեան մէջ՝ դառնալով գեղեցիկ յուշերու, ապրումներու եւ նոր անկիւնադարձի մը մեկնակէտը, մանաւանդ որ ձեռնարկի հասոյթը եւ այս առիթով հանգանակուած նուիրատուութիւնները պիտի գային աւելնալու Համազգայինի Շրջանային վարչութեան նախորդ տարիներուն հաստատած մշակութային նոր կեդրոնի ֆոնտին վրայ:
Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող եւ այս նպատակին համար յառաջացած յանձնախումբին ճիգերով իրականացած փառահեղ այս տօնակատարութեան ներկայ եղան առաւել քան 350 համազգայնականներ, նուիրատուներ եւ հրաւիրեալներ, որոնք երեկոյեան ժամը 5էն սկսեալ ընկերային ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ըմբոշխնեցին տեսակ-տեսակ հիւրասիրութիւնը, վայելեցին սրահի մուտքին հայկական ոճով դասաւորուած լուռ աճուրդի արուեստի գործերը, մինչ քանոնի վրայ Նեկտար Չիլեան հայկական մեղեդիներու քաղցրահունչ նուագներով առաւել հաճելի դարձուց ընկերային ժամը:
Համազգայնական մեծաթիւ ընկերներու ժամանումով, դահլիճը կենդանացաւ զուարթ արտայայտութիւններով. շրջաններէ եկած համազգայնական երէց եւ նոր ընկերներու սիրալիր ողջագուրումները եւ հանդիպումները ստեղծեցին տօնական իւրայատուկ մթնոլորտ մը:
Երիտասարդ համազգայնականներ Արա Եագուպեան եւ Վերժինի Թուլումեան փոխնիփոխ եւ տպաւորիչ-երկլեզու խօսքերով, ձեռնհասօրէն վարեցին յոբելենական երեկոն՝ ստեղծելով հրճուանքի եւ ցնծութեան քաղցր յիշատակներով առլցուն բացառիկ պահ մը, մանաւանդ որ բեմի բարձրադիր առաստաղէն կախուած մեծ պաստառին վրայ ներկայացուեցան Համազգայինի Արեւմտեան շրջանի վարչական, կրթական, մշակութային եւ հեռանկարային 55ամեայ գործունէութենէն վերցուած պատմական ու նոր նկարներ՝ զուգորդուած հանդիսավարներու խօսքերուն հետ:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանը ներկայացնող, հիւրաբար Լոս Անճելըս գտնուող Շահան արք. Սարգիսեանի աղօթքով բացումը կատարուեցաւ երեկոյին. Բերիոյ Հայոց թեմի նախկին առաջնորդ սրբազանը՝ ներկայիս մատենադարանապետ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանի, այս առիթով նաեւ օրհնեց Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան նորածնունդ կապտաւուն դրօշակի այս շրջանին տրամադրուած օրինակը. աւելի ետք, Զարեհ վրդ. Սարգիսեան ընթերցեց առաջնորդին օրհնութեան գեղեցիկ պատգամը:
Շրջանային վարչութեան խօսքը փոխանցեց ատենապետուհի Քնար Գորթոշեան, որ երեկոն անուանեց տարեդարձի ցնծութեան օր, հայ մշակոյթի պանծացման օր, այլեւ երախտիքի եւ շնորհակալութիւն յայտնելու պատմական օր: Ան շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ սրբազանին, որուն մշակութասէր նկարագիրին գործնական արտայայտութիւնները կը վայելեն Համազգայինի Շրջանայինը եւ միաւորները մնայուն կերպով: Ատենապետուհին երախտիքով անդրադարձաւ առաջնորդին ստանձնած կոմիտասեան գրքոյկի հրատարակութեան, ինչպէս նաեւ Համազգայինի յոբելենական այս ընդունելութեան ոսկեայ հովանաւորներէն մին հանդիսանալու ողջունելի ժեսթին: Ապա ան երախտագիտական խօսքերով գնահատեց Համազգայինի մասնաճիւղերը իրենց գիրկը ընդունած հայ կեդրոններու պատկան մարմինները, անցեալի բոլոր նուիրեալ համազգայնականները եւ իրարայաջորդ Շրջանային վարչական կազմերը, որոնք անսակարկ իրենց ծառայութիւնը բերին Համազգայինի բագինին, ողջունեց նախկին Շրջանային վարչութիւններու բոլոր ատենապետները, որոնք պատուոյ հիւրերն էին այս երեկոյին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց վարչութեան անդամ իր գործակիցներուն, կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն եւ յատկապէս 55ամեակի մոմավառ-նուիրատուներուն, բարերարներուն եւ ներկաներուն՝ շեշտելով եւ յոյս յայտնելով, որ շրջանին մէջ «անտուն» մնացած Համազգայինը՝ շնորհիւ համայնքի հոգեւոր, ազգային ղեկավարութեան եւ իր առաքելութեան հաւատացող անհատներու զօրակցութեան, վերջապէս պիտի յաջողի ունենալ իր սեփական շէնքը եւ գործունէութեան վայրը:
Յայտագիրին ընթացքին ցուցադրուող եւ խնամքով պատրաստուած տեսերիզին ընդմէջէն, ներկաները հաղորդ դարձան Համազգայինի 95ամեայ երթին, Համազգայինի Լոս Անճելըսի շրջանի 55ամեայ պատմական ներածականին ու միութենական նկարներուն, որոնք կը վկայակոչէին 1968էն մինչեւ օրս երկարող ժամանակաշրջանը, անցեալի վաստակաւոր դէմքերուն եւ իրագործուած ձեռնարկներու շղթան, իր ճիւղաւորուած մասնաճիւղերով եւ միաւորներով. իբրեւ յարգանքի տուրք՝ ներկայացուեցաւ նաեւ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած համազգայնականներու անուանացանկը, որուն վրայ վերջերս աւելցած էր մեր շրջանին մէջ Համազգայինի հիմնադիրներէն եւ անդրանիկ ատենապետ Գուրգէն Գասապեան: Տեսերիզին ընդմէջէն վաստակաւոր համազգայնականներ նախօրօք արձանագրուած շնորհաւորանքի սրտառուչ խօսքեր ուղղեցին Համազգայինի Քալիֆորնիոյ մեծ ընտանիքին, ապագային նկատմամբ լաւատեսութիւն ներշնչելով ներկաներուն:
Համազգայինի 55րդ տարեդարձը նաեւ յատկանշուեցաւ Շրջանային վարչութեան ողջունելի նախաձեռնութեամբ լոյսին եկած յուշ-պատկերագիրքով մը, որուն մէջ տեղ գտած էին հիմնադիր եւ յաջորդական Շրջանային վարչութիւններու, մասնաճիւղերու եւ միաւորներու կազմերու անուանացանկերն ու գործունէութենէն պատկերներ: Յուշ-պատկերագիրքի հրատարակութեան հովանաւորութիւնը ստանձնած էին վաղամեռիկ վաստակաւոր համազգայնական Ռիթա Սապունճեան Տէմիրճեանի ամուսինը եւ զաւակները, որոնք իրենց սիրելի կնոջ, մօր եւ նուիրեալ միութենականին յիշատակը յաւերժացուցին այս նպատակին համար իրենց կողմէ իսկ հաստատուած հիմնադրամին միջոցով:
Երեկոն աւելի եւս խանդավառեցին Շրջանային վարչութեան արուեստի խումբերէն պարմանուհիներու «Նայիրեան» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ խմբավար Լուսինէ Մելիքսէթեանի, ապա՝ իր հիմնադրութեան յիսնամեայ յոբելեանը յառաջիկայ տարի պատշաճ տօնախմբութեամբ նշելու պատրաստ «Անի» պարախումբի երէց եւ պատանի անդամ-անդամուհիները, ղեկավարութեամբ հիմնադիր պարուսոյցներ Եղիա Հաշօլեանի եւ Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեանի, եւ կրտսերներու պարուսոյց՝ Վահագն Կիրակոսեանի: «Անի»ին ազգային եւ հայկական պարերը հմայեցին ներկաները եւ երեկոն իր զենիթին հասցուցին՝ խլելով ներկաներուն յոտնկայս ծափահարութիւնները:
55ամեակի կարկանդակի հատման պահուն, ատենապետուհի Գորթոշեան հրաւիրեց անցեալի Շրջանային վարչութիւններու եւ ընդունելութեան ներկայ ատենապետ-ատենապետուհիները՝ միասնաբար հատելու կարկանդակը եւ այդ յիշարժան պահը յաւերժացնելու պատմական լուսանկարով մը:
Հուսկ, տօնախմբութեան բծախնդիր եւ բարձրամակարդակ կազմակերպուածութիւնը եւ ներդաշնակ յայտագիրը յորդորեցին ներկաներէն շատերը, որ գնահատանքի խօսքեր արտասանեն Համազգայինի գործունէութեան նկատմամբ, մինչ հայկական իրարայաջորդ պարեղանակներու կշռոյթին հետեւելով՝ երեկոյին մասնակցողները շուրջպարերով արտայայտեցին իրենց յարգանքը եւ սէրը Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, մասնաճիւղերուն ու միաւորներուն հանդէպ եւ ուշ գիշերին մեկնեցան սրահէն՝ ուրախ եւ բաւարարուած:
Ներկաները իրենց հետ տարին յուշ-պատկերագիրքը, կոմիտասեան գրքոյկէն օրինակներ՝ զետեղուած Համազգայինի «Հ» տառով եւ հայկական նախշերով ասեղնագործուած նուէրի յատուկ փոքրիկ տոպրակներու մէջ, մինչ բացառիկ այս ձեռնարկի 56 մոմավառները, արծաթեայ եւ ոսկեայ հովանաւորները «Մայքըլ Արամ»ի կենաց ծառը խորհրդանշող զոյգ մը մոմակալներ ստացան իբրեւ նուէր: Գնահատուեցաւ նաեւ սեղաններու կեդրոնի յարդարանքը, որ խորհրդանշաբար կը յուշէր Համազգայինի մշակութային «Նոր Կեդրոն»ի գաղափարը:
Վարձքը կատար բոլորին եւ բարի երթ Համազգայինին՝ նորոգ կամքով քալելու դէպի նոր ամեակներ:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ