Եւրոպական Խորհուրդի (ԵԽ) նախարարներու կոմիտէն հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը յայտնէ, թէ Ատրպէյճան պէտք է ապահովէ Ղարաբաղի հայերու մարդու իրաւունքները, ներառեալ իրենց տուներուն մէջ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքը, ինչպէս նաեւ պայմաններ ստեղծէ կամաւոր, ապահով, արժանապատիւ եւ կայուն վերադարձի համար:
Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ մտահոգութեամբ հետեւիլ 19-20 Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւններէն եւ Լաչինի միջանցքի իննամսեայ շրջափակումէն ետք, արցախցիներու զանգուածային արտագաղթին պատճառով ստեղծուած ծայրայեղ ծանր իրավիճակին:
«Հրամայական է շարունակական անխոչընդոտ մարդասիրական աջակցութիւն ապահովել անոնց, որոնք դեռ Արցախի մէջ մնացին եւ զանազան կարիքներ ունին, ինչպէս նաեւ անոնց, որոնք հեռացան: Նախորդ շաբաթ, Եւրոպական յանձնաժողովը յայտարարեց 10.45 միլիոն եուրոյի չափով մարդասիրական օգնութեան լրացուցիչ ծրարի մը մասին՝ ի յաւելումն 2020էն ի վեր արդէն տրամադրուած 20.8 միլիոն եուրոյին», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ:
Անոր մէջ, լուսարձակի տակ կ՛առնուի այն, որ պէտք է պաշտպանուին եւ երաշխաւորուին տեղւոյն բնակչութեան մշակութային ժառանգութիւնը եւ սեփականութեան իրաւունքները՝ յիշեցնելով, որ Ատրպէյճան պէտք է կատարէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին կողմէ 22 Սեպտեմբերին նշուած միջանկեալ միջոցները:
Եւրոպական Միութիւնը կ՛ակնկալէ համաներում բոլոր արցախցիներուն նկատմամբ։ «Մենք ի գիտութիւն ընդունեցինք նախագահ Ալիեւի հրապարակային արտայայտութիւնները Ղարաբաղի հայերուն հետ խաղաղ ապրելու եւ անոնց իրաւունքները պահպանելու պատրաստակամութեան մասին: Ատրպէյճան ունի յստակ առաջնային պատասխանատուութիւն բնակչութեան ճակատագիրին համար. պէտք է տրամադրուին շօշափելի, յստակ եւ թափանցիկ երաշխիքներ: Իբրեւ վստահութեան ամրապնդման կարեւոր միջոց՝ մենք կ՛ակնկալենք համապարփակ համաներում բոլոր արցախցիներուն համար, ներառեալ անոնց ներկայացուցիչներուն, եւ բոլոր կողմերու զսպուածութիւնը կոշտ հռետորաբանութենէ:
«Ղարաբաղ միջազգային մուտքը շատ կարեւոր է, երբ խօսքը կը վերաբերի շատ անհրաժեշտ օգնութեան տրամադրման եւ տեղւոյն վրայ իրավիճակի անկախ դիտարկման ապահովման: Եւրոպական Միութիւնը ի գիտութիւն ընդունեց ՄԱԿի վերջին երկու այցելութիւնները: Մենք բարձր կը գնահատենք աշխատանքը Գաղթականութեան եւ փախստականներու հարցերու Ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչին, որ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ իր տարածքը այս զանգուածային արտագաղթը կարգաւորելու հարցին համար, եւ անհամբեր կը սպասենք Եւրոպական խորհուրդի փաստահաւաք առաքելութեան՝ յանձնակատարի գլխաւորութեամբ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Եւրոպական Միութիւնը կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան, սահմաններու անձեռնմխելիութեան ու տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ։ «Կոչ կ՛ուղղենք Ատրպէյճանին՝ վերահաստատելու իր միանշանակ հաւատարմութիւնը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան՝ 1991ի Ալմաթիի հռչակագիրին համաձայն», կ՛եզրափակէ յայտարարութիւնը: