
Մեծի Տանն Կիկիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, արցախեան հայենիքի իննամսեայ պաշարումին յաջորդող առաւել քան 100,000 հաշուող Արցախի մեր ժողովուրդի զաւակներուն բռնի տեղահանումին պատճառով կազմեց յատուկ յանձնախումբ մը՝ կաթողիկոսութեան օժանդակութիւնը մատակարարելու մեր տարագրուած հայրենակիցներուն: Այս յանձնախումբի անդամներն են՝ Անուշաւան արքեպիսկոպոս Դանիէլեան (առաջնորդ Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմին), Թորգոմ եպիսկոպոս Տօնոյեան (առաջնորդ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմին), իրաւաբան Ժիրայր Հապիպեան (ատենապետ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի ու շրջակայից Հայոց թեմին) եւ Յակոբ Լուսարարեան (անդամ Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան):
Վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ՝ յիշեալ յանձնախումբը եռօրեայ այցելութեամբ ուղեւորուեցաւ Հայաստան՝ գործնական քայլերու դիմելու նպատակաւ:
Արդարեւ, Չորեքշաբթի, 18 Հոկտեմբերի առաւօտուն, սրբազան հայրերը հանդիպում ունեցան Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ, անոր փոխանցեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին եղբայրական ողջոյնները եւ վեհափառ հայրապետին ու Կիլիկիոյ դարաւոր Ս. աթոռին զօրակցութիւնը յայտնեցին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան կողմէ տարուող մարդասիրական աշխատանքներուն: Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, իր կարգին, դրուատիքով արտայայտուեցաւ Նուիրապետական զոյգ Աթոռներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող համագործակցութեան ոգիին մասին, զայն որակելով ցցուն ապացոյց հայ եկեղեցւոյ ներքին միութեան ու զօրութեան, միաժամանակ անդրադարձաւ թեմակալ առաջնորդներու հետ տարուած բարեսիրական աշխատանքներուն:
Յիշեալ հանդիպումէն ետք, առաջնորդ սրբազան հայրերը, յանձնախումբի միւս անդամներուն հետ՝ այցելեցին Երեւանի, Պռոշեանի եւ Կոտայքի մէջ ապաստանած գաղթականներուն եւ իրենց յորդորներով հաւատք ու յոյս ներշնչեցին ներկայ ահաւոր տագնապներէն ամէնէն շուտ ժամանակի մէջ դուրս գալու վճռականութեամբ: Յանձնախումբը նաեւ հանդիպում ունեցաւ Արագածոտնի մարզպետ Սերգէյ Մովսիսեանի հետ:
Յայտնենք, որ յանձնախումբը իր այցելութեան ընթացքին տեղահանուած ընտանիքներուն կատարեց նիւթական յատկացումներ: