
Իսրայէլեան օդուժը Երեքշաբթի գիշեր յարձակում գործեց Կազայի գերխճողուած հիւանդանոցներէն մէկուն վրայ, ուր կը գտնուէին նաեւ տեղահանուածներ, պատճառելով մօտաւորապէս 700 զոհեր:
Իսրայէլեան յարձակումէն ետք, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս որոշեց չմասնակցիլ երէկ Յորդանանի մէջ նախատեսուած Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի, Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին եւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել ֆաթթահ Սիսիի հետ քառակողմ վեհաժողովին, որ աւելի ուշ յետաձգուեցաւ։
«Ոչինչ կրնայ արդարացնել հիւանդանոց մը ռմբակոծելը, եւ ոչինչ կրնայ արդարացնել քաղաքայիններ թիրախ դարձնելը», յայտարարեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն: Ան կոչ ուղղեց՝ արտօնելու, որ մարդասիրական օժանդակութիւնները «առանց յապաղումի» հասնին Կազա:
Իսկ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ «Կազայի մէջ հիւանդանոցը ռմբակոծելը ոճիր է եւ մարդկայնականութենէ զուրկ արարք մը»:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Փեքինի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ հետեւեալը. «Կազայի մէջ հիւանդանոցին ռմբակոծումը ողբերգութիւն է եւ մարդկային աղէտ, եւ կը յուսամ, որ տագնապը աւարտելու կարեւորութեան ազդանշանը ըլլայ»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան, դատապարտելով յարձակումը՝ իսլամական երկիրներուն կոչ ուղղեց՝ Իսրայէլին քարիւղի մատակարարումները արգիլելու եւ անոր դեսպանները վտարելու:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ «ցնցուած է եւ բուռն կերպով կը դատապարտէ» Կազայի մէջ հիւանդանոցին ռմբակոծումը՝ կոչ ուղղելով «անմիջապէս զինադադար հաստատելու»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, որ Չորեքշաբթի օր Իսրայէլ այցելեց, համաձայնեցաւ Իսրայէլի այն պնդումին հետ, թէ պայթումը պաղեստինեան կողմի մը հրթարձակումին հետեւանք էր։
Նշենք, որ Իսրայէլ «Իսլամական ճիհատ»ը ամբաստանեց հիւանդանոցը ռմբակոծելուն մէջ: «Իսլամական ճիհատ»ը նշեց, որ այդ ամբաստանութիւնը Իսրայէլի կողմէ իր պատասխանատուութենէ ազատելու, իրականութիւնները կեղծելու եւ իր ոճիրները արդարացնելու համար է:
Պայտըն, զօրակցելով Իսրայէլի գործողութիւններուն՝ նաեւ զսպուածութեան կոչ ըրաւ։
7 Հոկտեմբերէն ի վեր, առնուազն 3700 զոհեր արձանագրուած են Կազայի մէջ, իսկ Իսրայէլի մէջ՝ 1400։