ԾԱՅՐԱԿԱՊ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏԱՂԱՉԱՓՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

ՆԱՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Հայկական գիրերը իրենց ձեւաւորումով եւ լեզուն արտայայտելու կատարելութեամբ կը զարմացնեն մեզ: Ասիկա է պատճառը, որ մենք պաշտելու աստիճան կը սիրենք այդ նշանագիրերը եւ անոնց գիւտարարը: Իսկ աւելի զարմանալին այն է, որ այդ գիրերը գեղեցիկ անակնկալներ կը պարունակեն իրենց գրական անցեալին մէջ: Այդ տառերը ունին գործածութեան երկրորդ, աւեի ծածուկ, գրեթէ գաղտնի պատմութիւն մը: Այսօր կը փափաքիմ վարագոյրի ետեւ մնացած քանի մը երաժիշտի կամ բանաստեղծի մասին խօսիլ ու մէջբերել անոնց ընտիր տողիկները:
Վարագոյրի ետեւ նստած անունը
Հայ երաժիշտներ, բանաստեղծներ, հայկական տառերը գործածեցին իրենց ինքնութիւնը ծածկելու համար: Հայ հեղինակը իր երկին մէջ քօղարկեց իր ստորագրութիւնը՝ զայն յայտնաբերելու հաճոյքը ուշադիր աչքերու վստահելով: Այդ շնորհալիներէն մէկը եւ առաջինը 8րդ դարու երաժշտուհի, բանաստեղծուհի, Դուին մայրաքաղաքի կաթողիկոսարանի աւագերէց Սահակի դուստր Սահակդուխտն էր: Սահակդուխտ աղջնակը իր մանուկ հասակին ստացաւ «զվարս կուսութեան», ապա առանձնացաւ Գառնիի ձորի քարայրի մը մէջ, ապրեցաւ ճգնակեցութեամբ եւ իր համեստ, քարակերտ բնակատեղիին մէջ ալ կնքեց իր մահկանացուն: Երաժշտուհին ունեցած է աշակերտներ եւ անոնց դասաւանդած է՝ վարագոյրի ետեւ նստած: Մեզի աւանդուած իր միակ գործը Աստուածամօր ձօնուած երգ մըն է: Ծայրակապ բանաստեղծութիւն է անիկա, ուր իւրաքանչիւր տողի սկզբնատառը, եթէ վերէն վար ընթերցուի՝ կը յայտնաբերուի հեղինակին անունը: Այս տեսակ երկերը կը կոչուին «անուանակապ»: Այսպէս են երգին խօսքերը.
Ս րբուհի Մարիամ…
Ա նդաստան հոգեւոր…
Հ աստատութիւն երկնի…
Ա ստանօր երկինք…
Կ ենացն փայտիւն…
Դ ո՛ւռն երկնից…
Ո ւրա՛խ լեր…
Ի՛ ւթական, եղական…
Խ որհուրդ կենաց…
Տ ո՛ւք զփառս…։
Ներսէս Շնորհալին ալ յայտնի է իր անուանակապ տաղերով: Վարդանանց սուրբերուն համար իր յօրինած «Նորահրաշ Պսակաւոր» շարականի քառեակները կը սկսին հեղինակի անուան տառերով.
Ն որահրաշ պսակաւոր…
Ե րկնաւոր թագաւորին…
Ր ենական լուսով…
Ս րբափայլ զգեստուք…
Է ական բարւոյն դիտմամբ…
Ս տացեալ զհաւատոյ վահան…
Ի հոտ անուշ…
Ե րկոքումբք հարազատօք…
Ր ամկական խումբ հազարաց…
Գ ոհութեամբ փառատրութիւն…։
Իսկ, երբեք կարելի չէ հայկական պատարագի զգեստաւորման շարականի հեղինակին անունը մոռնալ: Պատճառը այն է, որ, ինչպէս գուշակեցիք, յարգելի ընթերցող, այդ ծանր եւ տօնական երգի երկտողերուն սկզբնատառերը կը յայտնեն Հաղարծինի վանքի 1200ական թուականներու յայտնի վանական, երաժիշտ, գիտնական եւ բանաստեղծ Տարօնացիի անունը.
Խ որհուրդ խորին
Ա նճառահրաշ զօրութեամբ
Չ արչարանօք
Ա նձրեւածին բաժակ
Տ ան քում վայելէ
Ո ր զարարչագործ բազուկս…
Ւ ւսմամբ թագ ՛ի գլուխ
Ր ամից բոլորից…
Գաղտնի Գարունը
Սկզբնատառերու մէջ միշտ չէ, որ հեղինակի մը անունն է թաքնուած: Կան բանաստեղծութիւններ, որոնք քաղաքական պատճառներով, կամ՝ գաղտնի սիրոյ ամօթխածութեամբ, պարունակած են պատգամներ: Այդ ստեղծագործութիւններէն ամէնէն նշանաւորը, բոլորիս յայտնի՝ Եղիշէ Չարենցի «Պատգամ» բանաստեղծութիւնն է: 1920-30ականներու Խորհրդահայ Հայաստանի մէջ տիրող քաղաքական վիճակը, նաեւ՝ հայրենասիրական գործ մը ստեղծելու վախը, պատճառ եղան, որ Չարենցը իր պատգամին տառերը տեղադրէ տողերու երկրորդ գիրին մէջ: Սա «Գիրք Ճանապարհի» ժողովածուին մէջ լոյս տեսած «Ո՜վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ոյժի մէջ է» գաղտնագիրն էր: Հնարամիտ լուծում.
Ն«ո»ր լոյս ծագեց աշխարհին.
Ո՞«վ» այդ արեւը բերեց:
Ա«հ»ա ոսկեայ մի արեւ՝
Ճ«ա»ռագումով իր հրէ՝
Ա«յ»գաբացի պուրպուրէ…
Հայը ունեցաւ նաեւ աւետաբեր եւ ցնծալից գարուններ: 1683–1768 թուականներուն ապրած պոլսահայ բանաստեղծ, երաժիշտ, մանկավարժ, գիտնական, հրատարակիչ, ազգային եւ կրթական լուսաւորման շարժման գործիչ Պաղտասար Դպիրի «Պարուց թռչնոց տուք աւետիս» տաղը օծուած է գարնանային լաւատեսութեամբ: Բանաստեղծը կը գովաբանէ վարդի բոյրը, սոխակի դայլայլը եւ կենսասիրութիւնը: Գարունը ուրախութիւն կը պատճառէ անոր: Այդ բանաստեղծութիւնը ունի «ՊԱՀԱՐ» ծայրակապը: Պահար կը նշանակէ գարուն.
Պ արուց թոչնոց տո՜ւք աւետիս…
Ա րի’, պիւլպի՜ւլ, ով խղճալի…
Հ եզիկ հնչեալ գարնան հողմոյն…
Ա յլազանեալ երեսք դաշտաց…
Ր ամից կուսից պսակ փայլեալ…
Այբն ասէ՝ այսօր ըմպենք…
Միջնադարեան հայկական բանաստեղծութիւնը հարուստ է 36 տողնոց գործերով: Ըստ երեւոյթին, մեր տաղասացները, իբրեւ երախտապարտութեան խոր զգացում, ցանկացած են այբուբենի իւրաքանչիւր տառը պատուել՝ գրելով «այբբենական» քերթուածներ՝ Այբէն մինչեւ Քէ: Այս տեսակ գործերու հնագոյններէն է 7րդ դարու բանաստեղծ, Գարդմանք աշխարհին մէջ ապրած Դաւթակ Քերթողի՝ աշխարհիկ բովանդակութիւն ունեցող «Ողբ ի մահն Ջեւանշերի մեծի իշխանին» ստեղծագործութիւնը: Բանաստեղծութիւնը քնարական փառաբանութիւնն է դաւադրաբար սպաննուած Աղուանքի զօրավար Ջեւանշերի քաջագործութիւններուն: Երկարաշունչ պատմութիւն է անիկա՝ 36 տուն (բաղկացած երկտողերէ, քառեակներէ, ելն.), որուն իւրաքանչիւր տունը հայկական տառերն են՝ այբբենակարգով.
Ա ստուածածին բանին…
Բ եկումն մեծ…
Գ լորեցաւ վէմն…
Դ արձաւ ի դառնութիւն…
Ե րկին հասի…
Զ անգիւտ կորստեալ…
Է ր նստեալ…
Ը նդ ամենայն երկիր…
Այբբենական բանաստեղծութիւններու հարուստ աւանդին իր ծառայութիւնը բերաւ նաեւ Ներսէս Շնորհալի հայրապետը: Անոր «Առաւօտ լուսոյ» երգը նոյնպէս կը հետեւի այդ կանոնին.
Ա ռաւօտ լուսոյ…
Բ ղխումն ի Հօրէ,
Գ անձդ ողորմութեան,
Դ ուռն ողորմութեան,
Ե րրեակ միութիւն,
Զ արթիր, Տէր, յօգնել…
…
Ուշ-միջնադարու աշխարհիկ աշուղները աւելի կենսուրախ էին քան մեր վանքաբնակ քերթողները: Այդ աշուղները փառաւորեցին բնութիւնը, կինն ու գինին: Երկրային կեանքը վայելելու խրախոյսով, անոնք յօրինեցին ցնծուն երգեր: 1600ական թուականներուն Դաւիթ (Որբիկ) Սալաձորցին, «Տաղ սեղանոյ եւ ուրախութեան» երգին մէջ նկարագրեց բարեկենդանի ծիսակատարութիւնը.
Ա րեւելք առաջին
Եւ արեւմուտք որ է վերջին՝
Բ արեխում է գինի
Եւ յոյժ փայլուն սեղան ի լի՛
Գ երագոյն լաւ մազայ
Եղով տապկած ձուկն թազայ.
Դ արձեալ հայիր թէ ի՞նչ կայ.
Հալվա, բորակ եւ փախլաւա…
Սալաձորցին ունէր իր նախորդը՝ 1500ականներուն Չմշկածագի ապտառապատ լեռներուն վրայ ապրած Մարտիրոս Խարասարցին: Հայկական գրականութեան մէջ Խարասարցին էր առաջինը, որ երգեց խնճոյքը, ուրախութիւնը եւ սեղանի վայելքը: Ահա անոր գրիչին պատկանող «Տաղ վասն ուրախութեան» երգը.
Այբն ասէ՝ այսօր ըմպենք…
Բեն ասէ՝ բերէք գինի…
Գիմն ասէ՝ գինիս անոյշ…
…
Խէն ասէ՝ խնդամք այսօր…
…
Կենն ասէ՝ կարաս բացէք…
Յարգելի ընթերցող, այբբենական բանաստեծութիւնները հեռաւոր անցեալի ճաշակ են: Իսկ անուանակապ քերթուածները… (Փետուր… / Արեգակ… / Թաւշեայ… / Ի զուր… / Լուսերես…) կարելի է ըսել, որ դեռ ունին սակաւաթիւ գործածութիւն: Երկրորդական վարժարանի (լիսէ, աւագ դպրոց) անփորձ տղաքը զանոնք կը շարունակեն շարահիւսել՝ իրենց սիրելիներուն անունները ոտանաւորներու մէջ գաղտնի պահելու համար: Սակայն, բոլորը՝ Այբը, Բենը, Գիմը… Փիւրը եւ Քէն, կը մնան հայկական գրականութեան փայլուն, ազնիւ, թանկագին, իմաստալից եւ լուսաւոր անձնաւորութիւնները:
Այսօր ձեզի հրաժեշտ կու տամ՝ վերյիշելով Պաղտասար Դպիրի յայտնի մէկ երգը, որուն եղանակը մինչեւ այսօր պահպանուած է եւ ժամանակ առ ժամանակ, հայկական դասական, հեղինակային երգարուեստի սիրահար երգիչ-երգչուհիներու կողմէ կը հնչէ արուեստի բարձր բեմերու վրայ: Ծայրակապ են անոր խօսքերը, իսկ հեղինակը ընթերցողի ուշադիր աչքերուն վստահած է, թէ ի՛նչ գաղտնիք կը պարունակեն անոր սկզբնատառերը.
Ի ննջմանէդ արքայական,
Զարթի՜ր, նազելի իմ, զարթի՜ր,
Պատկեր սիրուն, տիպ բոլորակ,
Լրացելոյ լուսնոյն քատակ,
Այդ քո տեսիլդ, զոր դու ունիս,
Արար ծառայ քեզ զգերիս,
Ղաբին սրտիւ քանի՞ կոծամ,
Է՜ վարդ կարմիր եւ անթառամ,
Տապ եւ խորշակ ժամանեցին,
Զթերթիկ գեղոյդ այրել կամին
Է՜ աննման իմ գովելիս,
Ի մէջ ականց գեղ քո՝ մագնիս…
…
Զարթի՜ր, նազելի իմ, զարթի՛ր: