Եթէ Լիբանանի մէջ գործող քաղաքական ուժերու կամ այսպէս կոչուած համախմբումներու համար 5 Օգոստոս 2007ը ունէր ճակատագրական, անկիւնադարձային կամ առնուազն հիմնական նշանակութիւն, հայ համայնքի համար ընդհանրապէս եւ Հ.Յ.Դ.ին համար մասնաւորաբար 5 Օգոստոս 2007ը ստացաւ իւրայատուկ եւ պատմական հանգամանք՝ հիմնական հինգ պատճառներով.
Ա.- Իբրեւ քրիստոնեայ հատուածին մաս կազմող հաւաքականութիւն, մեր քաղաքական կեցուածքով յաջողեցանք Լիբանանի համայնքային դրութեան հաւասարակշռութիւնը ամրօրէն պահպանել, ինչ որ հարազատ թարգմանը հանդիսացաւ այս հայրենիքին նկատմամբ մեր որդեգրած քաղաքականութեան։
Ոչ մէկ ատեն մէկ հոսանքին կողքին եղանք, ուրիշ մը տկարացնելու հեռանկարով. այլ՝ մեր դաշնակիցներուն հետ մեր անկեղծ ու անվերապահ գործակցութեամբ միշտ որոնեցինք Լիբանանի եւ մեր համայնքի ընդհանրական շահերը՝ պայքարելով ամէն երեւոյթի դէմ, որ Լիբանանի քրիստոնեայ դիմագիծը, ձայնն ու իրաւունքը նսեմացնելու կը ձգտէր։
Բ.- Մեզ քաղաքական ուժերու շարքին քմահաճաբար տեղադրելու կամ տեղահանելու առասպելական ըմբռնումը վերջ գտաւ։
Մենք, ինչպէս միշտ, կ՚որոշենք մեր դիրքն ու կեցուածքը՝ անոնց տալով համապատասխան արժանիք եւ հմայք։
Գ.- Յաղթանակի արժեչափը մենք չենք գտներ մեր հակառակորդներուն կողմէ մշակուած ու նենգաբար գործադրութեան դրուած ընտրական ստորին միջոցներու ձախողութեան մէջ, այլ՝ յաղթանակի մեր գրաւականը կը մարմնաւորուի միայն մեր գործելակերպին, հաւատքին ու մեր զաւակներու հաւատարիմ կեցուածքին մէջ։
Դ.- Ներքին ճակատի վրայ մեր ժողովուրդը իր հաւաքական կամքով ու միասնակամ կեցուածքով բարձրաձայն «Ո՛»չ գոչեց երեսին բոլոր անոնց, որոնք հայանուն լծակներով մեր աւանդական հակառակորդներու մեզ ջլատելու եւ մեր շարքերը պառակտելու ծրագիրները ուզեցին իրականացնել։
Ժողովուրդը ինք գիտէ դատել ու վճռադատել։
Ե.- Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը իր խօսքը միանգամընդմիշտ ըսաւ նոյնքան ինքնավստահ համոզումով ու գիտակցութեամբ։
Քաղաքական կատարեալ հասունութեամբ՝ ինչպէս միշտ, նախաընտրական շրջանին եւս գիտցաւ քննարկել ու կշռադատել տեղական ու շրջանային առկայ բոլոր զարգացումներն ու կեցուածքները՝ յանգելու համար վերջնական, ճշգրիտ, պատուաբեր ու մեր շահերը հարիւր տոկոսով ապահովող եզրակացութեան։
Մեծագոյն յաղթանակը ժողովուրդի վստահութիւնը պահպանելն է։