ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Այսօր, յարգելի ընթերցող, երբ կը լսեմ կամ կը դիտեմ լուրերը՝ պետական-պաշտօնական լրատուամիջոցներով շռայլօրէն սփռուած կամ ընկերային ցանցերու վրայ խճճուած, ափսոսանքով կը շարժեմ գլուխս, քանզի չեմ գիտեր, թէ ո՛րն է ճշմարիտը եւ ո՛րն է սուտը: Ցաւելով, որ համաշխարհային այս մոլորեալ վիճակէն շատ կը տուժէ հայապատկան արժէքներու ինքնութիւնը եւ տեղի կ՛ունենայ անոնց խեղաթիւրումը՝ վանքերէն մինչեւ գորգերը – ցանկի վրայ խոցուած սրտով դրէք նաեւ հայուն երգը, պարը, հացը, հողը, ջուրը եւ տարազը, դեռ խռովայոյզ սրտով կը սպասենք նաեւ սուտ մարգարէներու եւ սուտ վկաներու գալստեան – որոշեցի «սուտ» բառին ճշմարիտ պատմութիւնը գրի առնել, որպէսզի յօդուածս առկայծող ճրագի մը նման լուսաւորէ այս խաւարը, եւ մենք կարենանք գրական անցեալի մէջ գտնել եւ հաճոյքով ընթերցել քանի մը արդարամիտ տաղասացի տողիկ, իսկ աւարտին՝ լսենք քանի մը երգահանի անսուտ խօսքերը:
ԹԵՒԱՒՈՐ ՍՈՒՏԵՐ
«Սուտ» բառը ունի իր հաստատ ստուգաբանութիւնը: Բնիկ հայկական բառ է անիկա եւ կը համեմատուի յոյներու pseudos եւ լատիններու pseudo՝ «սուտ» բառերուն հետ: Ոսկեդարուն «սուտ» բառը, որ պարզունակ միավանկ մըն էր լոկ, ճիւղաւորուեցաւ, բարդացաւ, կարելի է ըսել նաեւ՝ դարձաւ թեւաւոր, ինչպէս որ սուտ խօսքը բերնէ բերան կը տարածուի, ապա կը դառնայ անճանաչելի: Հայկական հին մատենագրութեան մէջ ունեցանք՝ Եղիշէն, Փարպեցին, Ագաթանգեղոսը, Կորիւնը, Փաւստոսը վկայ՝ «սուտակ», «սուտակասպաս», «սուտապատում», «սուտքրիստոս», «ստագիր», «ստադատ», «համապազասուտ», «երդմնասուտ» բառերը: Իսկ այսօր ունինք նոր արտայայտութիւններ. սուտի–մուտի, սուտիկ–մուտիկ, սուտլիկ–մուտլիկ եւ սուտուփուճ:
ԱՐՏԱՅԱՅՏԻՉ ՍՈՒՏԵՐ
Հայը, որ պատկերաւոր մտածողութիւն ունի, իր սուտերն ալ յաջողած է դարձնել՝ արտայայտիչ: Դարձուածքներու բառարանները հարուստ են «սուտ» արտայայտութիւններով, ինչպէս՝ «ստի տոպրակ», «սուտ հանել», «սուտը բռնել», «սուտ դուրս գալ»: Մամլոյ ասուլիսներու ընթացքին ականջալուր եղած էք, անկասկած, որ քաղաքագէտի մը համար՝ իր հասցէին ուղղուած քննադատութիւնները պարզապէս «Բացարձակ սուտ» եւ «Լկտի սուտ» են? (Հայկական մամուլ): Իսկ ձեզի կը խրատեմ հեռու մնալ մարդու «Սուտ ճգնաւոր» կոչուած տեսակէն, քանզի այդ անձնաւորութիւնը, ըստ հայերէնի բացատրական բառարանին՝ «արտաքուստ բարեպաշտ եւ առաքինի ձեւացող, բայց իրօք խաբեբայ» մարդ է:
ԻՄԱՍՏԱԼԻՑ ՍՈՒՏԵՐ
«Սուտ» բառը ճկուն է: Իբրեւ ածական, ան դիւրութեամբ կը մօտենայ «լուր», «խօսք» եւ «խոստում» գոյականներուն: Ան կ՛ընդունի նաեւ հետեւեալ իմաստները. ոչ-իրական, չպատահած, գոյութիւն չունեցած, ցուցադրական, կեղծ, խաբեբայ, գիտական տեսակէտէ անընդունելի, ստախօս, անհաւանական, զուր, անիրականալի եւ անիմաստ: Հայ հեղինակը նկատելով իմաստներու այս բազմազանութիւնը՝ ստեղծեց պատկերաւոր նկարագրութիւններ: Ահա քանի մը իրական օրինակ. «Սուտ սիրով խաբել»՝ Վահան Տէրեան, «Շղարշով պալատ է մտնում էն սուտ թագուհին»՝ Յովհաննէս Թումանեան, «Ձեր գրքերը սուտ են»՝ Աւետիք Իսահակեան: Իսկ Վանեցի բանաստեղծ, արձակագիր եւ թարգմանիչ Մարտիրոս Դաբաղեան (Վեսպեր), որ Երեւանի բանասիրական համալսարանի մէջ ատրպէյճաներէն կը դասաւանդէր, խրատական ձայնով գրեց. «Աշխարհը սուտ է տղաս»:
ՍՈՒՏ ԵՒ ԱԽՄԱՐ ԳՐԻՉ
Միջնադարեան Հայաստանի գրիչը (մատեաններ ընդօրինակող) պարտաւոր էր իր անձը ուրանալու եւ համեստութիւն ցոյց տալու՝ յաճախ ինքզինք վարկաբեկելով: Շատ տեսած եմ տաղասացներ կամ վանական գրիչներ, որոնք իրենց անուան առջեւ դրած են «եղկելի», «անարհեստ», «անարժան» ածականները: Այդ ածականներու ցանկին վրայ այսօր, յարգելի ընթերցող, կ՛առաջարկեմ աւելցնել «սուտ» բառը, քանզի քիչ չեն այն մատենագիրները, որոնք «սուտ» են կոչուած: Ահա քանի մը պատմական օրինակներ հայկական յիշատակարաններէ. «Մեղաւոր Գալուստ սուտ գրչիս», «Ես եղկելիս՝ սուտ Աբրահամ», «Կոստանդին եպիսկոպոս. մի սուտ գիտութիւն ընկալցի եւ մի չար գործեսցի»՝ 1299, «Գրեցաւ սուրբ Աւետարանս ձեռամբ Յովհաննէս քահանայի սուտ եւ ախմար գրչի եւ անարժանի»՝ 1474:
ՍՈՒՏ ԽՐԱՏՆԵՐ
Հայ տաղասացը իր համեստ գրիչով փորձեց ազգը դաստիարակել եւ ցոյց տալ, թէ կեանքի մէջ ի՛նչ բան սուտ է եւ ի՛նչ բան՝ արժանի: Անոր գիրը հասկնալի է: Աշխարհի՛կ: Չ՞է որ ան ազգը կրթելու նպատակով կը գրէ: Այժմ կը փափաքիմ, որ այդ անկեղծ այրերը խօսին իրենց խրատական եւ իմաստուն միտքերը. «Սուտ մի՛ խօսիր սատանի պէս… Տէր, թէ՛ ոսկի, թէ՛ արծաթ, թէ՛ մեղք զոր ունիմ, / Համայն սուտ եւ չնչին», Սուքիաս: Ան նաեւ խոստովանեցաւ, որ մոլորեալ է, որովհետեւ սիրեց՝ «զաշխարհս սուտ, անցաւոր»: Նոյն խոստովանութիւնը կատարեց Վրթանէս Առնկեցի տաղսացը, թէ ի՛նքն ալ շուտով խաբուեցաւ. «Այս սուտ կենցաղոյս վերայ / ե՛ս միայն շուտով խաբեցայ»: Աւետիք վարդապետ Եւդոկացին զղջաց, որովհետեւ ապրեցաւ «ի սուտ կենցաղոյս խենէշ պճնելով, / Գոռոզ եւ հպարտ շրջագայելով»: Յակոբ Սսեցին նկարագրեց իր ապրած ժամանակը. «Ճշմարտութիւնն նուազեցաւ, / Սուտ եւ եալանն (թրք.՝ սուտ) առաջ ընկաւ»: Եփրեմ վարդապետը մեզի բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս փոխուեցաւ իր ժամանակի հոգեւոր կեանքը. «Սուտ մարգարէք բազումք ելան, / Սուտ առաքեալք եւս յայտնեցան, / Սուտ հայրապետք եւ եւս ելան»: Սարգիս Հալէպցին ողբաց իր մեղքերը. «Սկսեալ ողբամ, թէ ինչ դարձայ, / Աստ հեշտացայ եւ փափկացայ / Եւ բարձրացայ, ա՛յ, սուտ խօսեցայ»: Իսկ Սայաթ Նովան ըսաւ, թէ պատրաստ է իր լեզուն զոհելու. «Թէ սուտ խօսիմ, լիզուս կտրէք, գուցէ արէք բանհոքի, / Վիրեւն Աստուած, ներքեւն յիս – լիզուիս սուտ չի մոդենայ: Էս մուխամմազ է. Արութինի ասած»:
ՍԻՒԴ ՄԻ ԽՕՍԻՐ
Հայկական ամէն քաղաք, ամէն գաւառ ունեցած է ստելու իր իւրայատուկ ձեւը: Ճշմարի՛տ եմ: Ես այդ սուտերը, թէեւ անձամբ չեմ լսած, սակայն Հրաչեայ Աճառեանը իր «Արմատական Բառարան»ին մէջ իւրաքանչիւրը հաւատարմօրէն արձանագրած է: Ալաշկերտի, Տիգրանակերտի, Զէյթունի, Խարբերդի, Հաճընի, Համշէնի, Մշոյ եւ Պոլսոյ հայը խօսած է «սուդ», Մուսալեռցին՝ «սէօդ», Ագուլիսի, Գորիսի ու Արցախի մեր հայրենակիցները՝ «սօտ», մինչ Միսաք Մեծարենցի եւ Սիամանթոյի համաքաղաքացիները փափուկ ձեւով ըսած են «սիւդ»: Ատափազարցի՞ն. ան սուտ չի խօսիր: Նշան Պէշիկթաշլեանը վկայ. «Ատափազարցին. սուտ չի խօսիր, այլ պոչաւոր ճշմարտութիւններ կ՛ըսէ» (Հայ աղբրտիք):
ԳՐԱԿԱՆ ՍՈՒՏԵՐ
Պետրոս Դուրեանը «Զղջում» քերթուածին մէջ նկարագրեց անկողինի քով իրեն հսկող վշտահար մօր արցունքը: Զանոնք, յարգելի ընթերցող, կը փափաքիմ որակել իբրեւ հայկական գրականութեան ամէնէն գեղեցիկ, ջերմ եւ ճշմարիտ սուտերը. «Մօրս արտօսրը տեսի՜… / Ո՜հ, ճշմարիտ գորովի / Մարգարիտներ սուտ ու կեղծ…»: Դանիէլ Վարուժանը գիտէր, թէ իր բանտարկեալ հօր ժպիտը չէր կրնար անկեղծ ըլլալ. «Նշմարելուդ պէս զիս ժպտիլ սկսար. / Բայց այդ ժպիտը բարի, / Այդ սուտ ժպիտն էր նունուֆար մը ծաղկած / Լճի մը վրայ արտօսր»ջ: Վահան Տէրեանի քնարը շշնջաց հայկական գրականութեան քնքշագոյն սուտերը. «Քո մութ հայեացքում կայ մի քնքոյշ սուտ», «Սուտ կեանքին խառնիր երազանքը սուտ», «Անունդ թող փարոս լինի ինձ / Սուտ կեանքի եւ դառը մահու դէմ», «Քո համբոյրը, որպէս քաղցր սուտ»: Նոյնքան քաղցր էր Սիպիլի սուտը. «Սիրտս փայփայող խոստումներ անոյշ, / Որքա՜ն դողացի ձեր սուտ դիւթանքէն»: Պարոյր Սեւակը սիրոյ սուտ քերթուած մը հիւսեց 1956 թուականին, Մոսկուայի մէջ. «Ո՞նց սուտ ասեմ. / Ինչպէ՞ս ասեմ, թէ քեզ նման կին չի տեսել / Հաֆեզների պերճ Իրանը»: Սեւակը ապա իմաստասիրական ստախօսութիւն մը կատարեց. «Սուտ կայ, որ ճիշդ արժէ: Ու ես հաւատում եմ մեր հնարած ստին»: Իսկ Ռազմիկ Դաւոյեան յետահայեաց նայուածքով մը տրտմեցաւ. «Սուտ էր տառապանքն իմ համր ու թաքուն, / Սուտ էին բոլոր երազներս խեղճ, / Սուտ էին բոլոր գիշերներս անքուն»:
ԵՐԳԵԼ ՍՈՒՏ ՈՒ ՓՈՒՃ ԽՕՍՔԵՐ
Հայկական երգարուեստին մէջ «սուտ» բառը զգայացունց վերելք մը ապրեցաւ, երբ հրապարակ ելաւ «Սուտ է, սուտ է» երգը: Երգի առաջին արձանագրութիւնը կատարած էր 1900ին Պոլիս ծնած եւ 1920ին Միացեալ Նահանգներ գաղթած Եդուարդ Պօղոսեան: Անոր սուտը անսպասելիօրէն դարձաւ ժողովրդական, մտաւ տունէ տուն, շրջեցաւ շրթունքէ շրթունք եւ քաղցրալուր զուարճանք մը եղաւ բոլորին համար: Իսկ տասնամեակ մը առաջ, հայրենի երիտասարդ երգչուհի Սիլվա Յակոբեանը հրապարակեց երգ մը եւ իր սէրը չարաշահած մարդուն ուղղեց դառն խօսքեր. «Չեմ սիրում էլ քեզ / Չեմ դառնայ էլ գերի շուրթերիդ / Չեմ ուզում էլ ես հաւատալ սուտ ու փուճ խօսքերիդ / Խաբեցիր դու ինձ, անխնայ սէրը իմ վարեցիր / Մոռացիր դու ինձ հենց հիմա ինձանից հեռացիր»: Ներեցէք, ընթերցող, եթէ դուք ալ մօտիկ կամ հեռաւոր անցեալին գտնուած էիք նոյն վիճակին մէջ, եւ այս երգը պատճառ եղաւ, որ դառն յիշատակներ արթննան ձեր միտքին մէջ: Այդ պարագային, լաւագոյնը, ըստ Սիլվայի, հեռանա՛լն է: Մինչեւ յաջորդ յօդուածս, ուստի, հաճեցէ՛ք խուսափիլ սուտակ, ստախօս, ստաբան, սուտասան, ստալեզու եւ ստաբարոյ մարդոցմէ եւ անոնց բոլոր տեսակներէն: