Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, թէ Մոսկուա անդրկովկասեան տարածաշրջանին մէջ ՆԱԹՕի երկիրներուն շահերը Հայաստանի միջոցով առաջ տանելու փորձեր կը նկատէ։
ԱՊՀի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստէն ետք, Լաւրով ըսաւ, որ Հայաստանի մէջ հակառուսական տրամադրութիւնները «արհեստականօրէն կը սրուին»՝ աւելցնելով. «Գիտենք, թէ Հայաստանի մէջ վերջին տարիներուն քանի հասարակական կազմակերպութիւններ կազմուած են. նախապէս եւս շատ էին: Կազմակերպութիւնները չեն կազմուիր Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները խթանելու նպատակով, այլ հակառակը»։ Լաւրով շեշտեց Ամերիկայի, Եւրոպական Միութեան եւ ՆԱԹՕի դերը այդ ջանքերուն մէջ:
«Օրեր առաջ վարչապետ Փաշինեան հարցազրոյց տուաւ եւ յստակօրէն ըսաւ, որ Հայաստան իր ուղենիշը պիտի չփոխէ: Յուսանք, որ այդ դիրքորոշումը կը գերիշխէ՝ անկախ Երեւանը այլ ուղղութեամբ տանելու բոլոր փորձերէն», մաղթեց Լաւրով եւ ընդգծեց, որ Մոսկուա «խոր համոզում ունի, որ հայ ժողովուրդին ճնշող մեծամասնութիւնը շահագրգռուած է Ռուսիոյ հետ աւանդական, պատմականօրէն եղբայրական կապերու զարգացումով»: