«Ներկայիս (Ղարաբաղի մէջ) կ՛ընթանայ տարածքի զտումը զինուած խմբաւորումներէն», յայտարարեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ԱՊՀի անդամ պետութիւններու յատուկ ծառայութիւններու ղեկավարներուն հետ Պաքուի մէջ ունեցած հանդիպումին ընթացքին:
«Ըստ մեր ունեցած տեղեկութիւններուն՝ տակաւին կան որոշ խումբեր, որոնք կը թաքնուին մեր տարածքին մէջ: 20 Սեպտեմբերէն ետք եւս Ղարաբաղի մէջ զինուած սադրանքներ եղած են: Տարածքը բաւական մեծ է, լեռնային է եւ պատուած է անտառներով, ուրեմն մեզմէ որոշ ժամանակ կը պահանջուի զայն զինուած հրոսակախումբերէն մաքրելու համար», յայտարարեց Ալիեւ։
Ան նաեւ ըսաւ, որ «Պաքու երախտապարտ է Ռուսիոյ կողմէ ձեռնարկուող միջնորդական ջանքերու համար»՝ աւելցնելով. «Ռուսիա մեր դրացին եւ դաշնակիցն է, նաեւ Հայաստանի դաշնակիցն է: Այդ երկիրը մեր տարածաշրջանին մէջ է` տարբերութեամբ այն պետութիւններուն, որոնք հազարաւոր քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին: Եւ բնական է, որ մեր երկիրներու պատմութիւնը կ՛ենթադրէ ռուսական կողմի միջնորդութիւնը»։