Սերժ Թանգեան դատապարտեց իսրայէլացի քաղաքայիններու նկատմամբ «Համաս»ի վայրագ վերաբերումը, բայց նաեւ յիշեցուց, որ Իսրայէլ աջակցեցաւ Ատրպէյճանին, որ նոյն վերաբերումը ցոյց տուաւ Արցախի հայերուն նկատմամբ։
X-ի իր էջին Թանգեան գրած է հետեւեալը. «Խաղաղ բնակիչներու վրայ յարձակումը, անոնց առեւանգումը եւ սպանութիւնը պատերազմական ոճիրներ են՝ անկախ անկէ, թէ ո՛վ կ՛ընէ այդ։ Ինչ որ ես տեսայ Իսրայէլի վրայ «Համաս»ի յարձակումէն՝ սարսափելի է։ Անցեալին մենք տեսանք նաեւ Իսրայէլի կողմէ Պաղեստինի քաղաքացիներու դաժան սպանութիւններ։
«Աւելցնեմ նաեւ, որ շուրջ երկու շաբաթ առաջ Իսրայէլի զինած Ատրպէյճան նոյնը ըրաւ Արցախի հայերուն նկատմամբ՝ ստիպելով զանոնք փախչիլ իրենց՝ 3000ամեայ հայրենիքէն։ Այդ օրերուն, Իսրայէլի կառավարութենէն մեր ստացածը անտեղի ու սխալ հաւասարութիւն մը եղաւ՝ երկու կողմերուն զսպուածութեան կոչ մը»:
Աշխարհահռչակ հայ երաժիշտը կ՛աւելցնէ, որ «բռնակալի մը կողմէ ցեղային զտման յաջողութիւնը խրախուսեց միւսները: Ես կանգնած եմ խաղաղութեան տենչանք ունեցող պաղեստինցիներու եւ իսրայէլացիներու կողքին»: