Շաբաթ, 7 Հոկտեմբերին, Աֆղանիստանի արեւմտեան հատուածի մէջ պատահած երկրաշարժի զոհերուն թիւը հասաւ 2445ի, կը հաղորդէ «Թասս» լրատու գործակալութիւնը։
Ըստ կարգ մը պաշտօնատարներու՝ վիրաւորուած են առնուազն 2500 ուրիշներ։
6.3 ուժգնութեամբ երկրաշարժին կեդրոնը կը գտնուէր արեւմտեան Աֆղանիստանի Հերաթ քաղաքէն 25 մղոն արեւմուտք:
Տեղւոյն ժամանակացոյցով կէսօրէն առաջ ժամը 11ին պատահած երկրաշարժը ամբողջութեամբ քանդեց 1650 բնակարաններ եւ 11 գիւղեր: