Երկուշաբթի օր, Իսրայէլի վրայ պաղեստինեան «Համաս» կուսակցութեան անակնկալ յարձակումէն երկու օր ետք, պաղեստինցի զինեալներու եւ իսրայէլեան ուժերու միջեւ բախումները շարունակուեցան, իսկ «պատերազմական իրավիճակ» հռչակած Իսրայէլի իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ Կազան ամբողջութեամբ շրջափակուած պիտի մնայ։ Իսրայէլի ծայրայեղ աջակողմեան վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը աւելցուց, թէ կառավարութիւնը կ՛արտօնէ զինուորական լայնածաւալ գործողութիւններ կատարել:
«Համաս»ի զինեալները Շաբաթ առաւօտեան «Աքսայի ջրհեղեղ» կոչուած գործողութիւնը շղթայազերծելով՝ դուրս եկան Կազայէն եւ ներխուժեցին իսրայէլեան բազմաթիւ բնակեցման վայրեր` գրաւելով իսրայէլեան բանակի դիրքեր եւ կեդրոններ, ինչպէս նաեւ սպաննելով աւելի քան 700 իսրայէլացիներ եւ վիրաւորելով շուրջ 2160 ուրիշներ, որոնցմէ 350ին ստացած վէրքերը ծանր են:
«Համաս» իր յարձակումին ընթացքին օգտագործեց անօդաչու թռչող սարքեր եւ արձակեց հազարաւոր հրթիռներ` թիրախա դարձնելով նաեւ Թել Աւիւը: «Համաս»ի զինեալները վնասազերծեցին իսրայէլեան հրասայլեր եւ գրաւեցին իսրայէլեան բանակին պատկանող ինքնաշարժներ:
Իսրայէլեան բանակը որոշեց Կազայի մօտ գտնուող 25 իսրայէլեան բնակեցման վայրերու բնակիչները տարհանել: Իսրայէլեան իշխանութիւնները նաեւ յորդորեցին դատարկել Լիբանանի հետ սահմանին մօտ գտնուող բնակեցման վայրերը:
Պաղեստինցի զինեալները Իսրայէլի մէջ լայն տարածքներ իրենց վերահսկողութեան տակ առնելէ ետք, նաեւ գերի առին բազմաթիւ իսրայէլացի զինուորներ եւ քաղաքայիններ:
«Ճերուզալեմ Փոսթ»ը հաղորդեց, որ, ըստ ոչ պաշտօնական տուեալներու, 750 իսրայէլացիներու ճակատագիրը կը մնայ անյայտ:
Իսրայէլեան օդուժը բուռն յարձակումներ գործելով՝ Կազայի մէջ բազմաթիւ բարձրայարկ շէնքեր քանդեց: Կազայի մէջ առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ցարդ առնուազն 600 պաղեստինցիներ զոհուած են եւ 2200 ուրիշներ վիրաւորուած:
Մինչ այդ, եգիպտացի ոստիկան մը Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքին մէջ իր անձնական զէնքով կրակ բանալով՝ սպաննեց իսրայէլացի 2 զբօսաշրջիկներ:
Իրանի նախագահ Էպրահիմ Ռայիսի յայտարարեց, որ Իրան կը զօրակցի պաղեստինցի ժողովուրդի օրինական ինքնապաշտպանութեան` նշելով. «Սիոնական վարչակարգը եւ անոր աջակիցները պատասխանատու են շրջանին անկայուն վիճակին համար»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն «Սի.Էն.Էն.»ին յայտնեց, որ հաւանական է, որ իր երկիրը զինուորական յաւելեալ աջակցութիւն տրամադրէ Իսրայէլին: Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ցուցմունք տուած է Իսրայէլին տրամադրել բոլոր այն բաներուն, որոնց ներկայիս «Համաս»ի յարձակումներուն դէմ դնելու համար կարիքը ունի:
«Մեր կարելին կ՛ընենք, որպէսզի այլ ճակատ մը չբացուի, ներառեալ Լիբանանի մէջ «Հըզպալլա»ի հետ», յատարարեց Պլինքըն՝ աւելցնելով. «Ասիկա 1973էն ի վեր Իսրայէլի վրայ կատարուած յոռեգոյն յարձակումն է, եւ «Համաս»ի կողմէ ամերիկացիներու ձերբակալութեան մասին տեղեկութիւններ ունինք, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ կան «Աքսայի ջրհեղեղ» ճակատամարտին մէջ ամերիկացի զոհերու եւ անհետ կորսուածներու մասին, եւ աշխատանք կը տանիննք զանոնք ստուգելու»:
Պլինքըն շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններու բնականոնացման խոչընդոտումը կրնայ Իսրայէլի վրայ յարձակումի դրդապատճառներէն մէկը ըլլալ:
Աւելի ուշ յայտարարուեցաւ, որ սպաննուած են առնուազն 10 ամերիկացիներ եւ նոյնքան բրիտանացիներ։
«Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութեան զուգահեռ, Կիրակի օր հարաւային Լիբանանէն Իսրայէլ հրթիռակոծում արձանագրուեցաւ: Արքուպի եւ Հասպայայի շրջակայքէն կատարուեցաւ հրթիռակոծում, որ թիրախ դարձուց Ռուէյսաթ Ալամի մէջ գտնուող իսրայէլեան զօրանոցներ,
Մազարեհ Շեպաայի մէջ եւ Շէյխ լերան վրայ գտնուող իսրայէլեան զինուորական կեդրոններ նոյնպէս ռմբակոծուեցան:
Աւելի ուշ «Հըզպալլա»ն ստանձնեց իսրայէլեան ռազմավարական դիրքեր ռմբակոծելու պատասխանատուութիւնը:
Իսրայէլեան ուժերը թնդանօթներով ռմբակոծեցին լիբանանեան սահմանային գիւղաքաղաքները, պատճառելով երկու վիրաւորներ: