Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան «Մէսճեան» կեդրոնի Գրական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ՝ Կիրակի, 15 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ աշխարհահռչակ հայ յօրինող Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120ամեակին նուիրուած գրական-գեղարուեստական ձեռնարկ մը՝ մասնակցութեամբ Սալբիի եւ Սօսիի (սրինգ եւ քնար) եւ Մերուժանի (Ջութակ)։
Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան «Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկին մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (818) 552-2922 թիւին կամ ayac@sbcglobal.net հասցէին։