
Հայաստան կ՛այցելէ Միացեալ Նահանգներու Մարդասիրական զարգացման գործակալութեան (ՄԶԳ) պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմեն Եւրոպայի եւ Ասիոյ գործերու ՄԶԳի փոխղեկավարի Ալեքս Սոքոլովսքի, ՄԶԳի հայաստանեան առաքելութեան տնօրէն Ճան Ալելօ եւ ՄԶԳի Արտակարգ իրավիճակներու արձագանգման համակարգող Մայք Լեմպրայթ:
Պատուիրակութեան անդամները Հայաստան կը գտնուին Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն կարիքները գնահատելու նպատակով:
«Այս համատեքստում, քննարկուել են Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմից իրականացուող ռազմավարական հաղորդակցութեան, բարեփոխումների պլանի (ծրագիրի), ինչպէս նաեւ արագ արձագանգման համար անհրաժեշտ կարիքների հետ կապուած հարցեր: Երկուստեք կարեւորուել է հաղորդակցութեան համակարգի ինստիտուցիոնալացումը (սահմանակարգացումը)», կ՛ըսուի այս մասին Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմին տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
ՄԶԳի պատուիրակութեան անդամները պատրաստակամութիւն յայտնեցին շարունակական աջակցութիւն ցուցաբերելու Հայաստանի կառավարութեան` կարողութիւններու զարգացման, փորձառութեան փոխանակման, ինչպէս նաեւ ստեղծուած իրավիճակին մէջ արագ արձագանգման ոլորտին մէջ: