Հայաստան չի մասնակցիր 6 Հոկտեմբերին, Խրխըզիստանի մէջ մեկնարկած ՀԱՊԿի զօրավարժութիւններուն: «Անխախտ եղբայրութիւն» կոչուող զօրավարժութիւնները տեղի կ՛ունենան երկրին հիւսիսը գտնուող Բալիկչի քաղաքին մօտերը:
Խրխըզիստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ ՀԱՊԿի անդամ միւս հինգ երկիրներուն մասնակցութեամբ զօրավարժութիւնները պիտի տեւեն մէկ շաբաթ:
Յայտնենք, որ Երեւան ՀԱՊԿը կը մեղադրէ Հայաստանի տարածքին վրայ Ատրպէյճանի յարձակումներուն պատշաճօրէն չարձագանգելու եւ կազմակերպութեան անդամ Հայաստանը անօգնական ձգելու յանցանքով: