Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական իրադարձութիւնները:
Լուսարձակի տակ առնուեցաւ յատկապէս սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը։
Մաուլաուի շեշտեց, որ այդ տագնապը պէտք է տրամաբանական ձեւով լուծուի, սկսելով` քաղաքականութենէն եւ աւարտելով ապահովական եւ վարչական բոլոր միջոցառումներով:
«Այս հարցը աւելորդաբանութիւններ չի կրնար հանդուրժել: Այս թղթածրարին լուծման շուրջ լիբանանեան միասնականութիւն կայ, սակայն այդ միասնականութիւնը պէտք է աւելորդաբանութիւններէ անկախ ըլլայ, որպէսզի լուծման յանգի», նշեց Մաուլաուի: