ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 123 թուրք մտաւորականներու կողմէն Արցախի մէջ Ատրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութիւնը դատապարտող յայտարարութենէն ետք, թուրք ազգայնականներու կողմէ սկսան հնչել կոչեր՝ այդ գործիչները զրկելու Թուրքիոյ քաղաքացիութենէն։
Եւրասիոյ թրքական ընկերութիւններու դաշնակցութեան նախագահ Իսմայիլ Ճենկիզ յայտնեց, թէ «123 հայասէրները պէտք է անյապաղօրէն զրկել քաղաքացիութենէ»։
Նախապէս հրապարակած էինք թուրք մտաւորականներուն յայտարարութիւնը, որուն մէջ անոնք ահազանգած էին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ իրականացուող ցեղասպան քաղաքականութեան մասին եւ կոչ ուղղած էին միջազգային հանրութեան՝ դիտորդի դերի մէջ ըլլալու փոխարէն գործի անցնելու եւ կանխելու մարդկային նոր ողբերգութիւնը։
«Ատրպէյճան այս յարձակումը իրականացուց Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի ակնյայտ աջակցութեամբ, իսկ ամբողջ աշխարհը լուռ կը հետեւէր տեղի ունեցածին։ Կայ ակնյայտ ցեղային զտման եւ ցեղասպանութեան վտանգ», ըսած էին թուրք մտաւորականները։
Նամակը ստորագրած 123 թուրք մտաւորականներու շարքին էին թուրք պատմաբաններ Թաներ Աքչամ, Պասքըն Օրան, Սայիթ Չեթինօղլու, քաղաքագէտ Ճենկիզ Աքթար, լրագրող Արիս Նալճը, իրաւապաշտպան Էրեն Քեսքին։