Պաշտօնական յայտարարութիւններու խորապատկերին վրայ, Ատրպէյճանի մէջ հարց կը բարձրանայ, թէ ի՛նչ բանի հասաւ Ալիեւ` զոհելով տասնեակներով զինուորներ: Թէեւ Պաքու պաշտօնապէս սպաննուածներու թիւ չի հրապարակեր, բայց ընդդիմադիր «Մէյտան Թի. Վի.»ն հաշուած է, որ մէկ օրուան մէջ Ատրպէյճանի բանակը առնուազն 100 զոհեր տուաւ Արցախի վրայ վերջին յարձակումին ընթացքին: «Անոր պատճառով Ղարաբաղ ոչ թէ մեր իշխանութեան տակ անցաւ, այլ` ռուսերուն», կը յայտնեն ատրպէյճանցի ընդդիմադիրները։
«Իլհամին կը թուի, թէ յաղթանակը ընտրութիւններուն նման կարելի է կեղծել։ Մենք 180 զոհեր տուինք կեղծուած յաղթանակին համար», գրած է Ալիեւի ընդդիմախօս, աքսորուած լրագրող Աֆղան Մուխթարլի։
Թերեւս այս կարծիքները լռեցնելու համար, Ալիեւի վարչակազմը ռազմական գործողութիւնը սկսելէ օրեր առաջ, ձերբակալութիւններու ալիք սկսած էր: Ըստ իրաւապաշտպան Անար Մամատլիիի հաշիւներուն՝ անցեալ մէկ շաբաթուան ընթացքին Ատրպէյճանի մէջ առնուազն տասը ընդդիմադիր գործիչներ եւ այլախոհներ բանտարկուած են, ընկերային ցանցերու վրայ իրենց կարծիքը բարձրաձայնելնուն համար: