
Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Ռապըրթ Մենենտեզ Հինգշաբթի օր ներկայացուց բանաձեւ մը, որ կը պահանջէ Միացեալ Նահանգներու նախագահէն ջնջել Ազատութեան աջակցութեան բանաձեւի թիւ 907 յաւելուածը շրջանցելու իրաւասութիւնը, կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը։
Յիշեցնենք, որ թիւ 907 յաւելուածը կը պահանջէ կասեցնել Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական աջակցութիւնները, սակայն 1992ին վաւերացուած յաւելուածը 2002էն ի վեր ամբողջութեամբ չի գործադրուիր, որովհետեւ նախագահին տրուած է զայն շրջանցելու իրաւասութիւնը եւ այդ թուականէն ետք բոլոր նախագահները շահագործած են այդ իրաւունքը, որուն պատճառով Ատրպէյճան միայն 2002էն 2021ի միջեւ ստացած է առնուազն 164 միլիոն տոլարի ռազմական աջակցութիւն:
Մենենտեզին ներկայացուցած բանաձեւը, որուն կը զօրակցին նաեւ ծերակուտականներ Պիլ Քեսըտի, Քրիս Վան Հոլըն, Ալեքս Փըտիա, Շելտըն Ուայթհաուս եւ Կերի Փիթըրզ, նաեւ կը դատապարտէ Արցախի հայութեան դէմ Պաքուի մղած ցեղային զտումի քաղաքականութիւնը եւ Հայաստանին ու Արցախին հետեւեալ աջակցութիւնները տրամադրելու կոչ կ՛ընէ.
– 30 միլիոն տոլարի մարդասիրական աջակցութիւն վերջին երեք տարիներուն ընթացքին ատրպէյճանական յարձակումներէն եւ Լաչինի միջանցքի փակումէն տուժած Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքացիներուն աջակցելու նպատալով.
– 10 միլիոն տոլարի ռազմական աջակցութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան.
– Յաջորդական երեք տարիներուն (2024էն 2026) ընթացքին 650 միլիոն տոլարի աջակցութիւն Հայաստանի ուժանիւթի մարզին.
– Յաջորդական հինգ տարիներուն (2024էն 2028) ընթացքին 50 միլիոն տոլարի աջակցութիւն գիտութեան եւ արհեստագիտութեան մարզերուն մէջ Ամերիկա-Հայաստան համագործակցութեան զարգացման։
Բանաձեւը կարդալու համար այցելել կայքէջը։