Քիչ չի պատահիր, որ մեծ մարդիկ մեծ գիւտեր կ’ընեն: Իսկական մեծերը իրենց գիւտերու մեծ բնոյթին պատճառով իսկապէս մեծ կը դառնան: Իսկ ուրիշներու մեծութիւնը, նայած իրենց գիւտին, կը չակերտուի ու նոյն այդ մեծ նկատուած մարդիկը՝ կը ճղճիմնան:
Չակերտուած «մեծութիւն» պէտք է նկատել Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ Նիքոլայ Սարքոզին:
Նայեցէք, թէ ինչ կ’ըսէ Եւրոպայի երկու գերպետութիւններէն մէկուն՝ Ֆրանսայի նախագահը, Տարֆուրի մէջ վերջին տարիներուն տեղի ունեցող ցեղասպանութեան հարցը Փարիզի մէջ քննարկող խորհրդաժողովին ընթացքին. «Իբրեւ մարդ արարածներ եւ իբրեւ քաղաքագէտներ, մենք պէտք է լուծենք Տարֆուրի տագնապը, լռութիւնը կը սպաննէ: Մենք կ’ուզենք զօրաշարժի ենթարկել միջազգային համայնքը ըսելու՝ «Բա՛ւ է այլեւս»:
Իսկ Ամերիկայի պետական քարտուղար Քանտըլիզա Ռայս, նոյնքան տիեզերացունց յայտարարութիւն մը կատարած է ըսելով, որ «մենք պէտք է կրկնապատկենք մեր ճիգերը»:
Տարֆուրի մէջ 2.5 միլիոն տեղահանուածները, անասելի ջարդերու-ցեղասպանութեան զոհ գացած 200,000 անմեղ քաղաքայիններու հարազատները ինչպէ՞ս կ’ուզէք, որ ընկալեն մեծերու այս «մեծութիւնները»: Կ’արժէր Ռայսի եւ Սարքոզիի արձանները բարձրացնել Տարֆուրի անապատներուն մէջ, աւազաբլուրի մը վրայ, եւ այնքան հսկայ, որ երեւի նկատուին անջրպետին մէջ երկրի ծիրին շուրջ թաւալող միջազգային աստղանաւու անձնակազմին կողմէ:
Եւ տակաւին լալ-ողբա՞լ, քուրջեր հագնելով գլխուն մոխի՞ր ցանել կրկնելով, որ մէկուկէս միլիոն մարդ ցեղասպանութեան ենթարկեցին աշխարհի աչքին առջեւ եւ ոչ ոք մատը մատին դպցուց:
Այդ օրերուն համաշխարհային պատերազմ էր, իսկ հիմա՞ ինչ: Աշխարհի գերհզօրներուն ո՞վ կ’արգիլէ, որ մարդասիրական իրենց ամենավե՜հ զգացումները եւ յայտարարութիւնները գործի վերածեն Տարֆուրի մէջ:
Պարոն Սարքոզի (կամ մատամ Ռայս), լո՞ւրջ էք, երբ կ’ըսէք, որ պէտք է լուծէք եղեր Տարֆուրի տագնապը…