Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան Դամասկոսէն կոչ ուղղեց Միացեալ Նահանգներուն՝ իր զօրքերը դուրս բերելու Սուրիայէն` անոնց Սուրիա ներկայութիւնը անօրինական նկատելով:
«Մենք ամերիկեան ուժերուն խորհուրդ կու տանք տուն վերադառնալ, մենք նաեւ խորհուրդ կու տանք ամերիկեան իշխանութիւններուն շրջանը ձգել շրջանի ժողովուրդին», յայտարարեց Ապտոլլահեան Դամասկոսի մէջ իր սուրիացի պաշտօնակից Ֆայսալ Մըքտատի հետ բանակցութիւններէն ետք տեղի ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
Ապտոլլահեան նշեց, որ բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են «Սուրիոյ մէջ ամերիկեան զօրքերու անօրինական ներկայութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պայքարի պատրուակով», իսրայէլեան հարուածները սուրիական տարածքին, ներառեալ Օգոստոս 28ին, Հալէպի միջազգային օդակայանին դէմ իսրայէլեան օդային հարուածը:
«Սիոնական վարչակարգի յանցաւոր արարքներէն ոչ մէկը անպատասխան պիտի մնայ», ընդգծեց Ապտոլլահեան:
Մըքտատ իր կարգին ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգները եւ արեւմտեան միւս պետութիւնները կը շարունակեն իրենց յարձակողական քաղաքականութիւնը Իրանի եւ Սուրիոյ դէմ:
«Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու մեր միակ պահանջը անոր ուժերու մեր բոլոր հողերէն ամբողջական հեռացումն է», աւելցուց Մըքտատ:
Ան ըսաւ, որ ամերիկեան զինուորական կուտակումներուն նպատակը սուրիական պետութեան վրայ ճնշում բանեցնելն է, որպէսզի ետ կանգնի իր կեցուածքներէն, «ինչ որ չիրականացաւ»:
«Իրաք մեզի վստահեցուց, որ իր հողերէն Սուրիոյ դէմ յարձակումի շղթայազերծում պիտի չարտօնէ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Վստահ ենք, որ Իրաք Միացեալ Նահանգներուն ու անոնց այսպէս կոչուած դաշինքին պիտի չարտօնէ ազդել Սուրիա-Իրաք յարաբերութիւններուն վրայ»:
Ապտոլլահեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ, եւ անոր հետ քննարկեց երկու երկիրներու երկկողմանի յարաբերութիւններն ու համագործակցութիւնը:
«Թեհրան բոլոր կողմերուն Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը յարգելու կարեւորութիւնը կ՛ընդգծէ», ըսաւ Ապտոլլահեան:
Ան Դամասկոսէն Պէյրութ անցաւ։ Օդակայանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Ապտոլլահեան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կատարելիք իրենց քննարկումներուն ընթացքին տարբեր ուժերը պիտի մղեն համաձայնութիւն գոյացնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ նախագահական ընտրութիւն կատարել: